Hraparak.am գրած է, որ ըստ իրենց ունեցած տեղեկութիւններուն ԲՀԿ Առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը կալանաւորելու քաղաքական որոշում տրուած է։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս պահուն հարցաքննութեան ենթարկուող Ծառուկեանին կալանաւորելու դիմումով ԱԱԾ քննիչը կը դիմէ ՀՀ Գլխաւոր Դատախազին, որն իր հերթին պէտք է Ազգային ժողով ներկայանայ եւ պահանջէ Ծառուկեան պատգամաւորի անձեռնմխելիութեան վերացումը։
Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ լարուած իրավիճակ կը տիրէ Հայաստանի ներ-քաղաքական դաշտին մէջ, եւ այդ լարուածութիւնը ընթացք առած է յատկապէս Ծառուկեանի առանձնատունը խուազրկելէ ու ապա զինք հարցաքննութեան համար ԱԱԾ կեդրոնատեղի տանելէ ետք։