image
Հրատապ լուրեր:

Ծառուկեանի որդւոյն պսակի հրավառութեան համար 100 000-ի տուգանք

Ծառուկեանի որդւոյն պսակի հրավառութեան համար 100 000-ի տուգանք

ԱԺ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի որդւոյն հարսանիքի հրավառութեան դէպքի առնչութեամբ ոստիկանութեան մօտ կազմուած է վարչական իրաւախախտման վերաբերեալ արձանագրութիւն։ Այս մասին տեղեկացուցած են  ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութեան ԶԼՄ-ներու հետ կապի, վերլուծութեան եւ լրատուութեան բաժնէն։

«Ապրիլի 11-ին Կոտայքի մարզի «Փարաւոն» ռեստորանային (ճաշարանային) համալիրում իրականացուել է հրավառութիւն՝ չպահպանելով «Վարչական իրաւախախտումների վերաբերեալ» օրէնսգրքի 180-րդ յօդուածի պահանջները։ Ոստիկանութեան Կոտայքի բաժնի ծառայողների կողմից հրավառութեան կազմակերպչի նկատմամբ կազմուել է վարչական իրաւախախտման վերաբերեալ արձանագրութիւն։ Իրականացուում է վարչական վարոյթ»,– մանրամասնած է բաժնի պետ Զարզանդ Գաբրիէլեանը։

Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ ՀՀ օրէնքի 180-րդ յօդուածը կը սահմանէ, որ «գիշերային ժամանակ՝ ժամը 23-էն 7.00–ը,  հրագործական արտադրատեսակներ օգտագործելը (բացառութեամբ` օրէնսդրութեամբ նախատեսուած դէպքերու) կ'առաջացնէ տուգանքի նշանակում` սահմանուած նուազագոյն աշխատավարձի հարիւրապատիկի չափով:

Յիշեցնենք, որ Կոտայքի մարզի «Փարաւոն» ռեստորանային համալիրին մէջ տեղի ունեցած է «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար  Գագիկ Ծառուկեանի որդւոյն հարսանիքը, որու աւարտին մեծ հրավառութիւն եղած է, որ ընկերային հարթակներու վրայ բուռն քննարկումներու առիթ դարձած էր։