Քաղաքական ծանր սպաննութիւն մը գրանցուած է Թուրքիոյ Շըրնաք նահանգի Սիլոբէ շրջանին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է HDP կուսակցութեան կողմէ: Բանբերը յայտնած է, որ Երկուշաբթի 3 կին քաղաքական գործիչներ սպաննուած են: Սպաննեալները կը կոչուին՝ Սէվէ Տէմիր (Տէմոքրաթական կուսակցութեան անդամ (DBP), Ֆաթմա Ույար (Ազատ Կանանց Գոնկրէսի(KJA) անդամ եւ Փաքիզէ Նայիր (Սիլոփէի Ժողովրդային համագումարի փոխ նախագահ): Աղբիւրը կը նշէ, որ բոլոր սպաննուածները անդամ են HDP–ին: Աւելի ուշ դէպքին մասին խօսելով` Թուրքիոյ խորհրդարանի HDP-ի անդամ Բէրվին Պուլտան յայտնած է, թէ դէպքը աննկարագրելի սպաննութիւն մըն է եւ իր ահաւորութեամբ նման է Յունուար 2013-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան, ուր PKK-հիմնադիրներէն համարուող Սէքինէ Ճանսըզ, քաղաքական գործիչներ՝ Ֆիտան Տողան եւ Լէյլա Սոյլէմէզ նոյնպէս զոհ գացած էին անարգ սպաննութեան մը: