image

Ծանր Սպաննութիւն Շըրնաքի Մէջ. HDP-ի Անդամ 3 Քրտուհիներ Զոհ Գացին Ահաբեկչութեան

Ծանր Սպաննութիւն  Շըրնաքի Մէջ. HDP-ի  Անդամ   3 Քրտուհիներ Զոհ Գացին Ահաբեկչութեան

Քաղաքական  ծանր սպաննութիւն մը գրանցուած է  Թուրքիոյ Շըրնաք նահանգի Սիլոբէ    շրջանին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է HDP   կուսակցութեան    կողմէ:  Բանբերը  յայտնած է, որ Երկուշաբթի      կին   քաղաքական  գործիչներ սպաննուած են: Սպաննեալները կը կոչուին՝ Սէվէ Տէմիր (Տէմոքրաթական կուսակցութեան անդամ (DBP), Ֆաթմա Ույար (Ազատ Կանանց Գոնկրէսի(KJA)  անդամ եւ  Փաքիզէ Նայիր (Սիլոփէի  Ժողովրդային համագումարի  փոխ նախագահ): Աղբիւրը կը  նշէ, որ  բոլոր   սպաննուածները անդամ են HDP–ին:  Աւելի ուշ դէպքին մասին խօսելով`   Թուրքիոյ խորհրդարանի   HDP-ի  անդամ Բէրվին Պուլտան  յայտնած է, թէ դէպքը աննկարագրելի    սպաննութիւն  մըն է   եւ իր ահաւորութեամբ   նման   է Յունուար 2013-ին  Փարիզի մէջ  տեղի ունեցած ահաբեկչութեան, ուր PKK-հիմնադիրներէն համարուող Սէքինէ Ճանսըզ, քաղաքական գործիչներ՝ Ֆիտան Տողան եւ Լէյլա  Սոյլէմէզ  նոյնպէս զոհ գացած էին  անարգ սպաննութեան մը: