Եէմէնի մէջ վերջերս նոր ծանր համաճարակ մը տարածուած է Տիֆթերիա անունով: Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, վերջին երկու ամիսներու ընթացքին տիֆթերիայի 678 դէպք արձանագրուած է, որոնցմէ 48-ը մահացած են: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Աղբիւրին համաձայն, Եէմէնի 23 նահանգներէն 19-ին մէջ տիֆթերիայով վարակուելու դէպքեր գրանցուած են:
Նշենք, որ տիֆթերիայի ախտանշանները վարակուելէն ետք 2-5 օրուան ընթացքին երեւան կ'ելլեն, եւ այն կրնայ թեթեւ կամ սուր ձեւով արտայայտուիլ, իսկ նախնական ախտանշանները կոկորդի բորբոքման եւ տաքութեան տեսքով կ'արտայայտուին:
Հիւանդութեան հետեւանքով վարակուողի կոկորդին մէջ թանձր հեղուկ կ'առաջանայ, որ շնչառութեան ուղին փակելով մահուան պատճառ կը դառնայ: