Երէկ գիշեր տեղի ունեցած դէպքերէն ետք այս առաւօտ Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ հանգիստ իրավիճակ է։
Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ VDL կայանը նշելով նաեւ, որ ցուցարարներուն եւ իրավիճակը զսպել փորձող ապահովական մարմիններուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով գրանցուած են տասնեակ վիրաւորներ։
Իր կարգին LBCI կայանը հաղորդեց, որ երէկ ծանրօրէն վիրաւորուածներէն մէկը կնքած է իր մահկանացուն։
Յիշեցնենք նաեւ, որ հակառակ «Քորոնա»ի վարակի համաճարակային վիճակին Թրիփոլիի յատկապէս «Ալ Նուր» հրապարակին վրայ ամէնօրեայ դրութեամբ բողոքի հաւաքներ կը կատարուէին, իսկ երէկ երբ ցուցարարներ փորձեցին դրամատուներուն վրայ յարձակիլ ապահովական մարմիններ միջամտեցին եւ փորձեցին օրինազանցները կարգի հրաւիրել։
Ինչպէս մեր տեղադրած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի անոնք նոյնիսկ հրկիզեցին բանակին պատկանող հրասայլ մը։
Իսկ մեր լուրը ներկայացնենլու պահուն եւ ըստ VDL կայանին պարզ կը դառնար, որ լիբանանեան բանակի յատուկ յանձնառութիւն ստանձնած գումարտակներ հետախուզական քայլեր իրականացնելով կը փորձեն բերման ենթարկել երէկուան օրինազանցները։