image

Տիգրան Պասկեւիչեանի «Անծանօթ իմ Հայրենիք» Ֆիլմը Ներկայացուեցաւ Փարիզի Մէջ

Տիգրան Պասկեւիչեանի «Անծանօթ իմ Հայրենիք»  Ֆիլմը Ներկայացուեցաւ   Փարիզի Մէջ

Կան ֆիլմեր որոնք չեն պատմուիր, պէտք է դիտուին։ Այդպէս է Տիգրան Պասկեւիչեանի պատրաստած ժապաւէնը՝ փաստագրական, վաւերագրական երեք տեսաֆիլմերու շարքէն, «Անծանօթ իմ Հայրենիք» վերնագրով, նուիրուած 1946-1949 թուականներու «մեծ հայրենադարձութեան» կամ ներգաղթի իրադարձութիւններուն։ Այս շարքին առաջինը ցուցադրուեցաւ Մարտ 11ին ԻՆԱԼՔՕ-ի մէջ, Թալին Տէր Մինասեանի նախաձեռնութեամբ։ Ներկայ էին շուրջ 40 արուեստասէրներ, մեծ մասամբ ԻՆԱԼՔՕ-ի շրջանակէն. կը մասնակցէին Տիգրան Պասկեւիչեան եւ իր գործընկերները, որոնք Ֆրանսա եկած էին նաեւ զանազան վաւերագրութիւններ հաւաքագրելու համար՝ յետագային տեսաֆիլմերու երկրորդ եւ երրորդ շարքերը ամբողջացնելու նպատակով։
Առաջին տեսաժապաւէնը՝ «Անծանօթ իմ Հայրենիք» նուիրուած էր ներգաղթին, ունի պատմական բաժին մը, ուր օգտագործուած են սովետական պետական արխիւներէն հանուած տեսանիւթեր, ինչպէս երեք մեծերու՝ Ստալինի, Չըրչիլի եւ Ռուզվելթի հանդիպումը Մոսկուայի մէջ, «Ռոսիա» շոգենաւուն վրայ ներգաղթողներուն պարերը, դէմքերը…։
Տեսաժապաւէնը հարուստ է վկայութիւններով։ Հոն տեղ գտած են ներգաղթողներու ընտանիքներուն շառաւիղներուն տեսագրուած բազմաթիւ վկայութիւնները եւ այսօրուան ակնոցով դիտուած՝ պատմաբաններուն տեսակէտները, թէ ինչպէս կ՚արժեւորեն այդ ժամանակաշրջանը։
Ժապաւէնը յատկանշական է անշուշտ այն առումով, որ ներգաղթողներէն շատեր արդէն մեկնած են այս աշխարհէն, բայց յիշողութիւնները կ՚ապրին զաւակներուն շնորհիւ, որոնք կը նկարագրեն իրենց ապրած ներգաղթը, Սովետական իշխանութիւններու անփութութիւնը, խաբկանքը, իրենց կրած զրկանքները, Սիպիր աքսորները, գործուած կարգ մը սպանութիւնները, նաեւ անկէ առաջ տիրող մթնոլորտը՝ ներկուսակցական բախումները, եկեղեցւոյ դիրքորոշումը։
Քայլ առ քայլ կը հետեւինք վերադարձի հանգրուաններուն։ Յուսախաբութիւնը՝ երբ ներգաղթողները առաջին օրը ոտք կը կոխեն Պաթումի նաւահանգիստը եւ ուր անոնց ձեռքէն կը խլեն իրենց հետ բերած ուտեստեղէնը եւ ծովը կը թափեն, ըսելով թէ արտասահմանէն բերուածը կրնայ վարակիչ հիւանդութիւններ պարունակել…։ Այնուհետեւ գաղթողները որոշ յոյսերով լեցուած գնացքով ճամբայ կ՚ելլեն դէպի Հայաստան։ Այնտեղ անակնկալ ընդունելութեան կ՚արժանանան, քանի որ ներգաղթողներուն տրամադրելի շատ քիչ բնակարաններ կառուցուած էին եւ մանաւա՛նդ Երկրին մէջ կը տիրէր սով, անապահովութիւն…։ Այս թշուառներէն շատ քիչեր Երեւան կը փոխադրուին, իսկ անոնցմէ շատեր կը ղրկուին մերձակայ շրջանները, ուր սարսափելի պայմաններու տակ բնակութիւն կը հաստատեն, երբեմն նոյնիսկ ախոռներու մէջ եւ կենդանիներու քով խռնուած քարշ կու տան իրենց գոյութիւնը։ Ժապաւէնին մէջ կը ցուցադրուին այս տեսակ կենցաղի մասին վկայութիւններ, որոնք կը վերաբերին նաեւ գաղթականներու վարչական դժուարութիւններուն, երբ անոնց իրերը կա՛մ կը բռնագրաւուին կամ ալ հակառակ պարագային ժողովուրդը ստիպուած ծախու կը հանէ իր ունեցած-չունեցածը՝ կահ-կարասի, հագուստ, որոնք արտասահմանէն բերուած ըլլալով յարգի էին։ Այս ամէնուն կը գումարուին արգելքները, խստութիւնները, կուսակցական հարցապնդումները, սովետական ուղեղ-լուացութեան մեթոտները, որոնց արդիւնքին ներգաղթողներէն շատեր կը ղրկուին Սիպիրի կուլակները։ Ասոնք բացառիկ վկայութիւններ են հասկնալու համար այն օրերու անցուդարձերը։
Ժապաւէնի վերջին բաժնին մէջ ակնարկներ կան ներգաղթողներու Սփիւռքի ազգականներուն մասին, որոնք փափաքած են ներգաղթել, բայց կա՛մ ուշ արձանագրուած են կամ ալ պարզապէս այլեւս տեղ չէ մնացած անոնց համար։ Ծուղակը ինկած ներգաղթողները թաքուն ձեւերով իրենց բարեկամներուն տեղեկացուցած են՝ հրաժարիլ դէպի Երկիր գաղթելէ…։ Հետաքրքրական են գաղտնագիրներով փոխանցուած տեղեկութիւնները, օրինակ՝ մէկը իր ազգականին կ՚ըսէ՝ «գալու ատեն ձեզ հետ բերէք նաեւ ձեր քոյրերն ու մօրաքոյրը…», իսկ այս վերջինները շատոնց արդէն մահացած ըլլալով արտասահմանի ազգականը կ՚անդրադառնար թէ հոն մեռելային կացութիւն կը տիրէ…։
Անհամբեր կը սպասենք Տիգրան Պասկեւիչեանի ժապաւէնի յաջորդ բաժիններուն, որպէսզի ներգաղթի ծրագրին ամբողջական պատկերացումը ունենանք։ «Անծանօթ իմ Հայրենիք»ի երկրորդ մասը պիտի յատկացուի մասնաւորաբար հայաստանեան հարցաքննութիւններուն եւ դէպի կուլակ աքսորավայրերուն, իսկ վերջին հատուածը նուիրուած է ներգաղթողներու արտագաղթի շարժումին։
Ցուցադրութեան աւարտին բազմաթիւ հարցումներ ուղղուեցան։ Եղան վկայութիւններ ներգաղթած արտագաղթողներու…։
Անկասկած նորէն առիթ կ՚ըլլայ ցուցադրելու այս արժէքաւոր տեսանիւթը։



Տիգրան Պասկեւիչեան Ֆրանսայի մէջ քիչ ծանօթ անձնաւորութիւն է։ Հարցադրող ու խոհուն արուեստագէտ է։ Կ՚արծարծէ Հայաստանն ու հայութիւնը յուզող ժամանակակից խնդիրներ։ Անոր «Հայաստանի կորսուած գարունը» անցեալ տարի ցուցադրուեցաւ Անաքօ տափանաւուն վրայ՝ փաստագրական տեսաժապաւէն մը նուիրուած՝ Հայաստանի 2008ի նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդած Մարտ 1ի չբացայայտուած դէպքերուն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք կենսագրական կարգ մը տուեալներ։

Տիգրան Պասկեւիչեանի ստեղծագործական կեանքին պատկերը
2008-2013 - «Հայկական Ժամանակ» թերթի եւ tert.am-ի մեկնաբան,
2000էն սկսեալ՝ «Վերսուս» ֆիլմարտադրող աշխատանոցի բեմագիր,
2004-2008 - «Hetq» online-ի մեկնաբան,
2004-2007 - «168 Ժամ» թերթի մեկնաբան,
1999-2010 - «Վերսուս» ֆիլմարտադրող աշխատանոցի արտադրութեան տնօրէն,
2002-2008 - «Շողակաթ» հեռատեսիլի ընկերութեան խորհուրդի անդամ, հեռատեսիլային ֆիլմերու եւ հաղորդումներու արտադրութեան տնօրէն,
1993-2003 - «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հանրային կապերու բաժնի պատասխանատու,
1992-1993 - «Ար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր,
1990-1992 - Հայաստանի հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի պետական կոմիտէի՝ հեռատեսիլի գծով նախագահի տեղակալ,
1990 - «…Եւայլն» ընդյատակեայ թերթի լրագրող,
1988-1990 - «Մաշտոց» ընդյատակեայ թերթի համախմբագիր,
1987-1990 - «Գարուն» ամսագրի հրապարակախօսութեան բաժնի վարիչ։

***

Ֆիլմերու ցանկ (ոչ ամբողջական)
1999 - «XX դարի կաթողիկոսները» - վաւերագրական տեսաֆիլմ։
2000 - «Սէն Փեթերզպուրկի Հայերը» - վաւերագրական տեսաֆիլմ։
2004 - «Մահաբեր խաղալիքներ» - վաւերագրական տեսաֆիլմ, ցուցադրուած է «Superfest» փառատօնին՝ Պըրքլի (ԱՄՆ)։
2005 - «Մի սեփականաշնորհման պատմութիւն» - վաւերագրական տեսաֆիլմ, Հայաստանի ուժանիւթային բարեփոխումները 1991-2005, Համաշխարհային դրամատան պատուէրով։
2006 - «Այն հեռաւոր հարեւան գիւղում» - վաւերագրական տեսաֆիլմ, «Երկխօսութեան խթանում յանուն տարածաշրջանային համերաշխութեան»՝ հայ-ազէրպայճանական հաշտեցման ծրագրի շրջանակներու մէջ, ներկայացուած է «Ոսկէ Ծիրան» (2006) ֆիլմի փառատօնին։
2007 - «Զգուշացէ՛ք ականներ են» - վաւերագրական տեսաֆիլմ, «Երկխօսութեան խթանում յանուն տարածաշրջանային համերաշխութեան»՝ հայ-ազէրպայճանական հաշտեցման ծրագրի շրջանակներու մէջ։
2007 - «Պատերազմի գերիները» - վաւերագրական տեսաֆիլմ, «Երկխօսութեան խթանում յանուն տարածաշրջանային համերաշխութեան»՝ հայ-ազէրպայճանական հաշտեցման ծրագրի շրջանակներու մէջ։
2008 - «Օտարում։ Նոր Երեւանի պերճանքն ու թշուառութիւնը» - վաւերագրական տեսաֆիլմ՝ Երեւանի կեդրոնի կառուցապատման մասին։
2009 - «Թեղուտ։ Զաւակների հացը» - վաւերագրական տեսաֆիլմ՝ Հայաստանի հանքերու շահագործման եւ բնապահական շարժման մասին։
2010 - «Ընտրութիւն» - վաւերագրական տեսաֆիլմ՝ Հայաստանի քաղաքական բանտարկեալներու մասին։
2010 - «Ուղղագրութեան կանոններ» - վաւերագրական տեսաֆիլմ՝ Հայաստանի սահմանամերձ շրջանները ապրող մարդոց մասին։
2011 - «Հայաստանի կորսուած գարունը» - վաւերագրական տեսաֆիլմ, հետաքննութիւն 2008 Մարտ 1ի իրադարձութիւններու մասին։
2011 - «Անծանօթ իմ Հայրենիք» - վաւերագրական տեսաֆիլմ՝ 1946-1949 թուականներու մեծ հայրենադարձութեան մասին։
2014 - «Փակ սահմանի երկխօսութիւն» - վաւերագրական տեսաֆիլմ՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու մասին։

 

  Ժիրայր  Չիլինկիրեան 

«Նոր Յառաջ» Փարիզ