Թուրքիա- («Հիւրրիյէթ Տէյլի նիւզ»- Պոլիս)- Թուրքիոյ մէջ զբօսաշրջութեան ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ 2016-ը, նախատեսուած «վատագոյն սենար»էն «շատ աւելի վատ» պիտի ըլլայ, նշելով, որ այս տարուայ շրջանին զբօսաշրջութեան ոլորտի եկամուտներու կորուստը հաւանաբար պիտի բարձրանայ 12 միլիար ԱՄՆ տոլարի: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հիւրիյէթ», նշելով, որ զբօսաշրջութեան եկամուտի հետ կապուած առկայ խնդիրները, որոնք ծագած էին երկրին մէջ հետզհետէ աճող անվտանգութեան մտահոգեցուցիչ պայմաններու, եւ ռուս զբոօսաշրջիկներու թիւի նկատելի նուազեցման պատճառով, ամենայն հաւանականութեամբ իր զգալի ազդեցութիւնը պիտի ունենայ նաեւ այլ ոլորտներու մէջ, որոնց շարքին է գիւղատնտեսութիւնը, եւ որու հետւանքով երկրի մէջ գործազրկութիւնը բարձր մակարդակ պիտի արձանագրէ:
Այս կապակցութեամբ, Անթալիայի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան գրասենեակի (ATSO) ղեկավար Տավուտ Չեթինը յայտարարած է, որ այս տարի ռուս զբօսաշրջիկներու թիւը գրեթէ զերոյացած է, եւ իրենք, նկատի ունենալով երկրի մէջ տեղ գտած ահաբեկչական յարձակումները, կ'ակնկալեն, որ եւրոպայէն՝ յատկապէս Գերմանիայէն ժամանող զբօսաշրջիկներու թիւի անկում արձանագրէ:
Իր հերթին, Միջերկրական զբօսաշրջային հիւրանոցներու միութեան (AKTOB) ղեկավար Եուսուֆ Հաճիսուլէյման յայտնած է, որ իրենք Ռուսաստանի հետ Թուրքիոյ ունեցած ճգնաժամի հետեւանքով շուրջ 4 միլիոն զբօսաշրջիկներու հաւանական նուազումը նկատի ունեանլով, նախատեսած էին 8 միլիար ԱՄՆ տոլարի եկամուտի կորուստ մը: Սակայն, ինչպէս կը փոխանցէ Հաճիսուլէյման, ներկայիս նկատի ունենալով եւրոպական շուկայէն գալիք եկամուտի կորուստը եւս, «մենք այժմ վերանայելով մեր ունենալիք հասոյթի կորուստները, կը նախատեսենք մինչեւ 12 միլիար ԱՄՆ տոլարի վնաս մը», - ըսած էր ան, Պոլսոյ մէջ Մարտ 19-ին տեղի ունեցած ահաբեկչական նոր յարձակման նախօրէին, որուն զոհ գացին 4 օտար քաղաքացիներ: Այս կապակցութեամբ ան նաեւ նշած է, որ եւրոպայէն եկող զբօսաշրջիկներուն թիւը կրնայ կէսի իջնել այս տարուայ ընթացքին, մինչ իրանէն ժամանող զբօսաշրջիկներու թիւը նոյնպէս կրնայ անցեալ տարուան ունեցած 45,000 թիւէն, նուազիլ 30,000-ի: