Թուրքիա («Տիքէն»- Պոլիս) Թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած է «Էրտողանի ռէժիմը Թուրքիան դէպի աղէտ պիտի տանի» վերնագրով եւ շուրջ 67 մտաւորականի կողմէ ստորագրուած յայտարարութիւն մը, որ ուղղուած է մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրելու վերջին շրջանին երկրին մէջ յաճախակի խախտուող մարդու իրաւունքներու եւ մամլոյ ազատութեան խնդիրներու շուրջ: Նամակ-յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցը լուծելու համար էրտողանական ռէժիմի կողմէ կը կիրառուին անմարդկային մեթոտներ, իսկ տեղի ունեցածներու կապակցութեամբ իրենց բողոքի ձայնը արտայայտողները կը ձերբակալուին երկրի նախագահին անպատուելու մեղադրանքով: Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ երկրի մէջ ամէն կերպ կը փորձեն խոչընդոտել մամուլի ներկայացուցիչներու աշխատանքը. ազատ լրատուամիջոցները լռեցնելու համար սկսած է պատրաստուիլ նոր՝ լրատուամիջոցներու համար յատուկ օրէնսդրութիւն, ինչը անթոյլատրելի կը համարեն դեմոկրատական հայացքներով յայտնի վերոնշեալ 67 մտաւորականները, որոնց շարքին կան տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ: Յայտարարութիւնը ստորագրողներու շարքին է նաեւ համշենցի Ատնան Կենչն ու պոլսահայ Րաֆֆի Հերմոն Արաքսը: