Կոչը կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Սիրելի հայրենակիցներ,
Հայոց պետականութիւնն այսօր լրջագոյն մարտահրաւէրի առջեւ կանգնած է: Իշխող վարչախումբի ազգակործան քաղաքականութեան հետեւանքով մեզի ցաւալի կորուստներով պատերազմ պարտադրուեցաւ։ Երեք տարի շարունակ վարուող քաղաքականութեան հետեւանքով մեր հասարակութիւնը խոր բարոյական, քաղաքական եւ անվտանգային ճգնաժամ կ'ապրի: Մեր պարտութիւնները կը խորանան՝ ժողովուրդին դրդելով վիճակէն ելքը տեսնել արտագաղթի մէջ կամ համակերպուիլ պարտութեան։
Օրհասական այս պահուն հայ մտաւորականը լռելու բարոյական իրաւունք չունի։ Մէկ կողմէն հայոց պետականութեան կորուստը կասեցնելու հրամայականը, միւս կողմէ՝ ապագայի պատասխանատուութիւնը, մեզ կանգեցուցած են մեր ձայնը հնչեցնելու պարտաւորութեան առջեւ:
Յունիս 20-ի ընտրութեամբ պիտի որոշուի հայ ժողովուրդի` որպէս միասնական նպատակներ ունեցող ազգի եւ Հայաստան պետութեան լինելիութեան հեռանկարը։
Մենք՝ ներքոստորագրեալ մտաւորականներս, համոզուած ենք, որ այս ճակատագրական պահուն Հայաստանի Հանրապետութեան հետագայ ընթացքի համար պայքարող նախընտրելի ուժը «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» դաշինքն է, ուր միաւորուած ազգային, պետական քաղաքական ուժերն ու գործիչներն ունակ են առաւելագոյն նուիրումով կասեցնել երկրի կազմաքանդումը, ամրացնել հայոց պետականութիւնն ու վերականգնել մեր վիրաւոր արժանապատուութիւնը։
Սիրելի´ հայրենակիցներ,
վճռական այս պահուն, կրկին խաբուելու իրաւունք չունինք, համախմբուինք «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» դաշինքի շուրջ՝ յանուն մեր սերունդներու, յանուն մեր ստեղծարար ընթացքը շարունակելու, յանուն հայ ժողովուրդի իրական յաղթանակներու»:
Նշենք, որ այս յայտարարութեան տակ ստորագրած են հայրենի 124 մտաւորականներ, գործիչներ, որոնց շարքին՝ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի 3 թղթակից անդամ եւ ակադեմիկոս, բանասիրական, իրաւաբանական, տնտեսագիտական, պատմական գիտութիւններու 22 դոկտոր, փրոֆեսոր, 24 գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ, 72 Ժողովրդական եւ վաստակաւոր արտիստ (արուեստագէտ), մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ եւ պետական մրցանակի դափնեկիր, փրոֆեսոր, միջազգային մրցանակներու դափնեիկիր, հրապարակախօս, գրող, երգահան, լեզուաբան, երաժիշտ, բանաստեղծ, գեղանկարիչ, խմբավար, բեմադրիչ, ֆիլմ արտադրող, դասախօս, 4 գլխաւոր խմբագիր եւ լրագրող։