Պոլիս- («Տէյլի Սապահ») Ուրբաթ գիշեր, Պոլսոյ մէջ թրքական անվտանգութեան ուժերու կողմէ ահաբեկչութեան, թմրանիւթերու, մաքսանենգութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ արձակուած գոծողութիւններու ծիրէն ներս, ոստիկանութիւնը գրաւած է Փապլօ Փիքասոյի 1940 թ.ի պատկանող «Nude Dressing Her Hair» գլուխգործոցը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ», նշելով, որ արուեստի այս գործը գողացուած է Նիու Եորքի մէջ նկարչական հաւաքածոներ պահողի մը տունէն եւ մաքսանենգներու միջոցաւ հասցուած է Պոլիս:
«Սապահ» կը փոխանցէ, թէ ոստիկանները, գնորդներ հանդիսանալով, երկու անգամ հանդիպած են մաքսանենգներուն եւ համաձայնած՝ կտաւին դիմաց վճարել 7,000,000 տոլար: Պոլսոյ Ֆաթիհ թաղամասի սրճարաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած երկրորդ հանդիպման ընթացքին, ուր մաքսանենգները իրենց հետ բերած էին գլուխգործոցը, ոստիկանութիւնը անմիջապես ձերբակալած էր անոնցմէ երկուքը եւ խլած էր Փիքասոյի արժէքաւոր գործը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ կտաւը ժամանակէ մը ի վեր կը փնտռուի Դաշնային Հետախուզութեան Պիւրոյի (FBI) եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու անվտանգութեան ուժերու կողմէ: Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ կտաւը ուղարկուած է «Միմար Սինան» գեղարուեստի համալսարան, քննութեան համար:
«Սապահ»ի համաձայն, ոստիկանութեան 5000 պաշտօնեաներ ներգրաւուած եղած են այս գործողութեանց մէջ, որ կրած է «Peace in the Seven Hills» անունը, եւ որուն ամբողջ գիշերը օժանդակած են ուղղաթիռներով եւ նախանշուած կասկածեալ հասցեներու հսկողութեամբ եւ ներխուժումով: