Թուրքիոյ Նախագահական պալատը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, որու մէջ բողոքած է Սուրիոյ հարցով Ռուսաստանի ներկայացուցած ծրագրի մը դէմ: Ըստ հաղորդագրութեան, Թուրքիոյ նախագահական պալատը իր ընդվզումը յայտնած է, Ռուսիոյ առած որոշումին՝ Հաէպ քաղաքը ռմբակոծելու ուղղութեամբ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, թէ ահաբեկիչները հարուածելու պատրուակով, նաեւ կը հարուածուին Սուրիոյ ընդիմադիր ուժերու դիրքերը: