Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան կրօնական հարցերով խորհուրդի հայազգի անդամ Մուրատ Մըխճը յայտարարած է, որ տարբեր ցեղապաշտական յարձակումներու հետեւանքով Թուրքիոյ հայկական դպրոցներու աշակերտներուն թիւը նուազած է, կը գրէ թրքական «yeniozgurpolitika.org» կայքը:
Բացի անկէ, Մըխճը լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ շեշտած է, որ «Պատմութիւն» եւ «Հասարակագիտութիւն» նիւթերու ուսուցիչները հայկական վարժարաններուն համար կ'ընտրէ Թուրքիոյ Կրթութեան նախարարութիւնը, բան մը, որ ըստ Մըհչըի, բացասական երեւոյթ է:
Ան նշած է նաեւ, որ նախորդ տարուան համեմատութեամբ այս տարի Թուրքիոյ հայկական դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն թիւը նուազած է 10 տոկոսով:
«Մարդիկ այս երկրին մէջ կը շարունակեն ապրիլ «աղաւնիի վախով»: Թուրքիոյ հայերը կը կարծեն, որ եթէ իրենց երեխաները հայերէն խօսին, խտրականութեան պիտի հանդիպին: Այդ իսկ պատճառով անոնք յաճախ երեխաները կ'ուղարկեն Եւրոպա», - ըսած է Մըհչը:
Հայազգի գործիչը աւելցուցած է նաեւ, որ վերջին քաղաքական լարուած իրավիճակին պատճառով Պոլսոյ հայ համայնքին ներսը աճած է արտագաղթը դէպի Եւրոպա եւ Հայաստան:
Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ կը գործէ 16 հայկական վարժարան, որոնցմէ 13-ը սեփական են, 3-ն ալ կը համարուին համայնքի ընդհանուր սեփականութիւնը: Այս դպրոցներուն մէջ կրնան ուսում ստանալ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները, ներկայացնելով նախ մկրտութեան թուղթ: Այս մէկը կապուած է անոր հետ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն, երկրի բոլոր քաղաքացիները պաշտօնապէս թուրք կը համարուին, իսկ հայերը, յոյները եւ հրեաները կը համարուին կրօնական փոքրամասնութիւն: Ըստ Լոզանի պայմանագիրին, կրօնական փոքրամասնութիւն համարուելուն շնորհիւ հայերն իրաւունք ստացած են իրենց մայրենին սորվելու, որմէ զրկուած են քիւրտերը, զազաները, չերքէզներն ու լազերը:
Թուրքիոյ հայկական վարժարաններուն մեծ մասը կը գոյատեւէ համայնքի տարբեր բարերարներու նուիրատուութիւններու հաշուին, անոր հետ զուգահեռ, դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներու թիւն ամէն տարի կը նուազի: Այն կապուած է թէ՛ Կ.Պոլսոյ հայ համայնքի արտագաղթին, թէ՛ վարժարաններու ուսման բարձր վարձավճարներուն հետ (Պոլսոյ հայկական վարժարաններու ուսման վարձերը կը կազմեն տարեկան միջին հաշուով 3000 տոլար):