image

Թուրքիոյ հայկական դպրոցներու աշակերտներուն թիւը նուազած է. Պատճառը սպառնալիքներն են

Թուրքիոյ հայկական դպրոցներու աշակերտներուն թիւը նուազած է. Պատճառը սպառնալիքներն են

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան կրօնական հարցերով խորհուրդի հայազգի անդամ Մուրատ Մըխճը  յայտարարած է, որ տարբեր ցեղապաշտական  յարձակումներու հետեւանքով Թուրքիոյ հայկական դպրոցներու աշակերտներուն թիւը նուազած է, կը գրէ թրքական «yeniozgurpolitika.org» կայքը:

 

Բացի անկէ, Մըխճը  լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ շեշտած է, որ «Պատմութիւն» եւ «Հասարակագիտութիւն» նիւթերու ուսուցիչները հայկական վարժարաններուն համար կ'ընտրէ Թուրքիոյ Կրթութեան նախարարութիւնը, բան մը, որ ըստ Մըհչըի, բացասական երեւոյթ է:

 

Ան նշած է նաեւ, որ նախորդ տարուան համեմատութեամբ այս տարի Թուրքիոյ հայկական դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն թիւը նուազած է 10 տոկոսով:

 

«Մարդիկ այս երկրին մէջ կը շարունակեն ապրիլ «աղաւնիի վախով»: Թուրքիոյ հայերը կը կարծեն, որ եթէ իրենց երեխաները հայերէն խօսին, խտրականութեան պիտի հանդիպին: Այդ իսկ պատճառով անոնք յաճախ երեխաները կ'ուղարկեն Եւրոպա», - ըսած է Մըհչը:

 

Հայազգի  գործիչը աւելցուցած է նաեւ, որ վերջին քաղաքական լարուած իրավիճակին պատճառով Պոլսոյ հայ համայնքին ներսը աճած է արտագաղթը դէպի Եւրոպա եւ Հայաստան:

 

Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ կը գործէ 16 հայկական վարժարան, որոնցմէ 13-ը սեփական են, 3-ն ալ կը համարուին համայնքի ընդհանուր սեփականութիւնը: Այս դպրոցներուն մէջ կրնան ուսում ստանալ  միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները, ներկայացնելով նախ մկրտութեան թուղթ: Այս մէկը կապուած է անոր հետ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն, երկրի բոլոր քաղաքացիները պաշտօնապէս թուրք կը համարուին, իսկ հայերը, յոյները եւ հրեաները կը համարուին կրօնական փոքրամասնութիւն: Ըստ Լոզանի պայմանագիրին, կրօնական փոքրամասնութիւն համարուելուն շնորհիւ հայերն իրաւունք ստացած են իրենց մայրենին սորվելու, որմէ զրկուած են քիւրտերը, զազաները, չերքէզներն ու լազերը:

 

Թուրքիոյ հայկական վարժարաններուն մեծ մասը կը գոյատեւէ համայնքի տարբեր բարերարներու նուիրատուութիւններու հաշուին, անոր հետ զուգահեռ, դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներու թիւն ամէն տարի կը նուազի: Այն կապուած է թէ՛ Կ.Պոլսոյ հայ համայնքի արտագաղթին, թէ՛ վարժարաններու ուսման բարձր վարձավճարներուն հետ (Պոլսոյ հայկական վարժարաններու ուսման վարձերը կը կազմեն տարեկան միջին հաշուով 3000 տոլար):