image

Թուրքիոյ բանակը, անոր մասին կարծրատիպերը եւ յունական Greek city times -ի պարբերականի բացայայտումները

Թուրքիոյ բանակը, անոր մասին կարծրատիպերը եւ յունական Greek city times -ի պարբերականի բացայայտումները

«Միջերկրականի մէջ կը նկատենք թրքական ներկայութիւն, բայց չենք շօշափեր անոր տարած յաղթանակները», այս մասին գրած է յունական Greek city times պարբերաթերթը, հեգնելով թրքական բանակի «կարողականութեան» մասին  մօտեցումները։

Պարբերաթերթը անդրադարձած է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ կրած վիրաւորանքին,  երբ Թուրքիան վտանգը աչքը առած փորձած է մտնել Սուրիա, սակայն ստիպուած եղած է  թոյլտւութիւն խնդրել Դամասկոսէն, ուղղաթիռներով մօտենալու եւ վերցնելու իր բանակի վիրաւորներն ու դիակները:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիպիոյ անցուդարձերուն, ապա  պարբերականը նշած է թէ «Անոնք կը փորձեն ծածկել թուրք ժողովուրդէն իսկական վնասները, ձերբակալելով թուրք լրագրողները, որոնք ի յայտ կը բերեն Լիպիոյ մէջ տեղի ունեցածը՝ թէ թրքական օդային պաշտպանական համակարգը 5 վայրկեան իսկ չի կրնար տոկալ այնտեղ»:

Ըստ պարբերաթերթին, Յունաստանի մէջ «Անգարայի հիասթափութիւնը մեծ եղաւ, երբ հազարաւոր ապօրինի գաղթականներ ուղղելով Յունաստանի սահմանը, փորձեց ինչ որ պատերազմ մը ստեղծել, սակայն սահմանի յունական կողմն ու ոստիկանութիւնը կրցան վերջ տալ  այդ  փորձերուն»։

Պարբերաթերթը մատնանշած է թէ « Լիպիոյ Թրիփոլիի մէջ կիսատ մնաց Էրտողանի ահաբեկչական Իսլամական Եղբայրութեան հետ համաձայնութիւնը, ըստ որուն, Յունաստանի տարածքային ջուրերը պիտի բաժնուէին իրենց միջեւ, բայց Աթէնք Գահիրէի հետ կնքեց միջազգային ծովային օրէնսդրութեան համապատասխան համաձայնագիր»:

Պարբերաթերթը  փաստած է  թրքական ռազմական անկարողութիւնը Իրաքի մէջ: Վերջինս քրտական գիւղերը ռմբակոծելէ ետք, պաշարուած մնալով լեռներուն մէջ, չէ կրցած գլուխ բարձրացնել, վախնալով քիւրտ դիպուկահարներու հրաձգութենէն:  Յօդուածը անդրադարձած է Իրաքցի բարձրաստիճան սպաներու թուրքերու կողմէ եղած եւ «սխալմամբ» կատարուած  սպանութեան, որ տեղի ունեցած է քանի մը օր առաջ:   

Միւս կողմէն, Ատրպէյճանի կապակցութեամբ, Թուրքիան առաջարկած է ուղարկել F-16 օդանաւները հայ–ատրպէյճանական սահման, որպէս բարեկամական աջակցութիւն «ազերի եղբայրներ»ուն, եւ այդ օդանաւերը հանգիստ կը շրջէին, մինչեւ որ հայկական կողմը յայտարարեց, թէ գործի դրած է S-300  պաշտպանական համակարգը: