Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Երկուշաբթի օր Թուրքիոյ եւրոպական հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքիրը Անգարայի մէջ եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆրանս Թիմըրմէնզի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնած է, թէ Թուրքիան գաղթի ճնշումը թեթեւցնելու նպատակով, կը ծրագրէ սուրիացի փախստականներուն աշխատանքային թոյլտուութիւն շնորհել: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Սապահ»ը, որ կը հաղորդէ նաեւ, որ Պոզքիրը լրագրողներուն տեղեկացուցած է, թէ 2015-ին ապօրինի կերպով գաղթի դիմող սուրիացիներուն թիւը կը գերազանցէ 150.000ը, մինչ թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ օրական 500 ապօրինի գաղթականներու ելք կ'արգիլուի:Պոզքիր յայտնած է, թէ որպէս լուծում՝ ապօրինի գաղթականութեան հարցին, սուրիացիներուն աշխատանք ապահովելու ուղղութեամբ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են, որոշելու համար թէ ինչ հատուածներու մէջ եւ ինչ հանգամանքներով կարելի պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մէջ 2 միլիոն սուրիացի փախստականներու աշխատանք տրամադրելը:Պոզքիր նաեւ նշած է, թէ ամէնաէականը փախստականներուն պաշտօնական գրանցում տալն է, որպէսզի անոնք շուկային մէջ զոհ չդառնան թուրք գործատէրերու շահագործման:Թերթը կը նշէ նաեւ, որ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Թուրքիոյ մէջ սուրիացի փախստականներու թիւը հասած է 2,2 միլիոնի: