image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան 4000 հազար զինեալ տեղափոխեց Ատրպէյճան.Դեսպան Տողանեան

Թուրքիան 4000 հազար զինեալ տեղափոխեց  Ատրպէյճան.Դեսպան Տողանեան

Թուրքիոյ կողմէ Սուրիայէն տեղափոխուած զինեալները արդէն կը մասնակցին ռազմական գործողութիւններուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Վարդան Տողանեան:

«Մեր տեղեկութիւններով` վերջին շրջանին Թուրքիան Սուրիայէն շուրջ 4000 զինեալ տեղափոխած է Ատրպէյճան: Անոնք արդէն կը մասնակցին այն կողմը... Զիրենք կը նախապատրաստեն զինեալներու ճամբարին մէջ եւ կը տեղափոխեն այնտեղ»,- ըսած է դեսպանը պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Սուրիայէն ժամանած զինեալները կը մասնակցին ռազմական գործողութիւններուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Դեսպանի խօսքով` այդ խումբերու ցեղային կազմը դժուար է որոշելը: