26 յուլիսին, Թուրքիա պտոյտի եկած Ճօ Ռոպինսըն կալանաւորուած է Թուրքիոյ Այտըն նահանգի մէջ:
Ըստ թրքական տարբեր լրատուամիջոցներու՝ նախկին զինուորը, միացած է քրտական խմբաւորումներու՝ Սուրիոյ մէջ, պայքարելու համար «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորումին դէմ:
Թրքական կառավարութիւնը մեղաւոր համարած է Ռոպինսընը, միանալու եւ աջակցելու համար Սուրիոյ քրտական ուժերուն:
Նշենք որ Ռոպինսընի հետ կալանաւորուած են նաեւ իր ընկերուհին եւ մայրը, որոնք նաեւ կը գտնուէին Թուրքիոյ մէջ:
Ռոպինսըն յարգուած զինուոր կը համարուի անգլիական բանակին մէջ, որովհետեւ ծառայութեան շրջանին, բանակի հրամանատարութեան կողմէ ընտրուած էր Աֆղանիստան ծառայելու համար: