image

Թուրքիա. Անգլիոյ բանակի նախկին զինուոր մը ձերբակալուեցաւ

Թուրքիա.  Անգլիոյ բանակի  նախկին զինուոր մը   ձերբակալուեցաւ

26 յուլիսին, Թուրքիա պտոյտի եկած Ճօ Ռոպինսըն կալանաւորուած է Թուրքիոյ Այտըն նահանգի մէջ:

Ըստ թրքական տարբեր լրատուամիջոցներու՝ նախկին զինուորը, միացած է քրտական խմբաւորումներու՝ Սուրիոյ մէջ, պայքարելու համար «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորումին դէմ:

Թրքական կառավարութիւնը մեղաւոր համարած է  Ռոպինսընը, միանալու եւ աջակցելու համար Սուրիոյ քրտական ուժերուն:

Նշենք որ Ռոպինսընի հետ կալանաւորուած են նաեւ իր ընկերուհին եւ մայրը, որոնք նաեւ  կը գտնուէին   Թուրքիոյ մէջ:

Ռոպինսըն յարգուած զինուոր կը համարուի անգլիական բանակին մէջ, որովհետեւ ծառայութեան շրջանին, բանակի հրամանատարութեան   կողմէ ընտրուած էր Աֆղանիստան ծառայելու համար: