image

Թուրքական անձնագիր ՝ սուրիացիներուն

Թուրքական անձնագիր ՝ սուրիացիներուն

4 Օգոստոսին, թրքական իշխանութիւնը յայտարարած է թէ կառավարութիւնը   սկսած է բաժնել թրքական անձնագիրներ՝ սուրիացի դիմորդներուն:

Այս մասին տեղեկութիւն տուած է   Թուրքիոյ  ներքին գործոց նախարարութեան կայք էջը:

Ըստ կայքին՝ թրքական կառավարութիւնը անձնագիր  սկսած է բաժնել նախ՝ այն սուրիացիներուն,  որոնք ուսում ստացած են եւ իրենց ուսուման փաստաթուղթերը ներկայացուցած են տեղի  կառավարական մարմիններուն:

Ըստ թրքական տարբեր լրատուական  աղբիւրներու  ՝  թրքական կառավարութիւնը,  մինչեւ այս պահը արդէն բաժնած է 7000 անձնագիր:

 Թուրք պաշտօնատար մը հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, թէ «Թրքական անձնագիր ստանալու ամենէն կարեւոր պայմաններէն մէկն է՝ հաւատարիմ ըլլալ Թուրքիոյ հանդէպ, յարգել բոլոր քաղաքացիներուն ազատութիւններն ու իրաւունքները»։