image

Թշնամին Ներթափանցման Փորձ Կատարած Եւ Ետ Շպրտուած է

Թշնամին Ներթափանցման Փորձ Կատարած Եւ Ետ Շպրտուած է

  Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր սահմանային  հատուածներուն վրայ զգուշաւոր   հանդարտութիւն կը տիրէ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ  ԼՂՀ Պաշտպանութեան  նախարարութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը  հաղորդէ, թէ հաղորդմամբ Ապրիլի 13-ի լոյս 14-ի գիշերը որոշ հատուածներու վրայ կրակի դադարեցման շուրջ խախտումներ եղած են: Մասնաւորապէս առաջնագիծի հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտ) եւ հարաւարեւելեան (Հադրութ) ուղղութիւններով հակառակորդը 82 մմ-ոց (1 արկ), 60 մմ-ոց (11 արկ) եւ նռնականետերէ (25 արկ)  հարուածած է հայկական դիրքերը:Գիշերուան ընթացքին արձանագրուած է նաեւ հետախուզական ներթափանցման փորձ: Ժամը 04:55-ի սահմաններուն վրայ հակառակորդի յատուկ նշանակութեան ջոկատներու կողմէ հարաւային ուղղութեամբ ձեռնարկուած գործողութիւնը ժամանակին հաւաստանշուած է հայ դիրքապահներու կողմէ եւ հետ շպրտուած:ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները կը շարունակեն պահպանել կրակի դադարեցման շուրջ կողմերու միջեւ ձեռքբերուած բանաւոր պայմանաւորուածութիւնը եւ վստահօրէն կ'իրականացնեն իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: