Թուրքիոյ նախագահի խորհրդականներէն Իլնուր Չեւիք յայտարարած է, որ 9-10 մարտին կայանալիք Մոսկուա այցելութեան ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ մանրամասնութեամբ պիտի քննարկէ Սուրիոյ հարցը:
«Սփութնիք»ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Չեւիք ըսած է նաեւ, թէ Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման համար ջանքեր գործադրած երկու կողմերը, այս անգամ մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնան սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման: «Փութին Անգարայի համար շատ կարեւոր անձնաւորութիւն է: Ան Թուրքիոյ շատ մեծ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Սուրիոյ հիւսիսը», ընդգծած է Չեւիք՝ նշելով, որ Սուրիոյ տարածքին թրքական զինեալ ուժերու զինուորական գործողութիւնը պիտի աւարտի, երբ թրքական ուժերը «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալները մաքրեն սուրիական Մընպեճ քաղաքէն»:
Չեւիք նախապէս յայտնած էր, որ թրքական զինեալ ուժերը պիտի լքեն հիւսիսային Սուրիան, երբ համոզուած ըլլան, թէ «Իսլամական պետութեան» զինեալները հեռու են Թուրքիոյ սահմաններէն: