image

Թրքական Օդուժը Աւերած է Է 976-Ամեայ Գերեզման Մը Ամէտիէի Մէջ

Թրքական Օդուժը  Աւերած է  Է 976-Ամեայ Գերեզման Մը  Ամէտիէի Մէջ

Ամէտիէ- («ANF News»- Տուհոք)- Թուրքիոյ օդային յարձակումները  կը  շարունակուին  հարաւային Քիւրտիստանի      դէմ: Այս մասին կը փոխանցէ «ANF News»ը: Աղբիւրը  կը նշէ, որ թրքական ռազմական օդանաւները երէկ երեկոյեան ռմբակոծած են  Տհոքի Ամէտիէի շրջանի   Տէրէշէ  գիւղը: Յարձակումներու թիրախ դարձած էր նաեւ նոյն գիւղը գտնուող  եւ 976 տարուան պատմութիւն ունեցող «Շեյխ Իսլամ»ի տապանաքարը, որ նաեւ ծանօթ է «Շեյխ Ալի Հէքքարի» անունով, եւ անբողջապէս աւերուած է, սակայն Շեյխ Ալիի գերեզմանը մնացած է անվնաս:«Շէյխ Իսլամ»ը մեծ հոգեւոր արժէք կը ներկայացնէ Ամէտիէի  բնակիչներուն համար, որոնք կը բողոքեն թրքական ռազմական օդանաւներու պատճառած վնասին դէմ: Իրանէն եւ Աֆղանիստանէն բազմաթիւ մարդիկ  ամէն տարի կ'այցելեն Շէյխ իսլամի գերեզմանը: