Ամէտիէ- («ANF News»- Տուհոք)- Թուրքիոյ օդային յարձակումները կը շարունակուին հարաւային Քիւրտիստանի դէմ: Այս մասին կը փոխանցէ «ANF News»ը: Աղբիւրը կը նշէ, որ թրքական ռազմական օդանաւները երէկ երեկոյեան ռմբակոծած են Տհոքի Ամէտիէի շրջանի Տէրէշէ գիւղը: Յարձակումներու թիրախ դարձած էր նաեւ նոյն գիւղը գտնուող եւ 976 տարուան պատմութիւն ունեցող «Շեյխ Իսլամ»ի տապանաքարը, որ նաեւ ծանօթ է «Շեյխ Ալի Հէքքարի» անունով, եւ անբողջապէս աւերուած է, սակայն Շեյխ Ալիի գերեզմանը մնացած է անվնաս:«Շէյխ Իսլամ»ը մեծ հոգեւոր արժէք կը ներկայացնէ Ամէտիէի բնակիչներուն համար, որոնք կը բողոքեն թրքական ռազմական օդանաւներու պատճառած վնասին դէմ: Իրանէն եւ Աֆղանիստանէն բազմաթիւ մարդիկ ամէն տարի կ'այցելեն Շէյխ իսլամի գերեզմանը: