image
Հրատապ լուրեր:

Թրքական հիմնարկ մը վտանգաւոր կը համարէ հայ- ռուսական համագործակցութիւնը

Թրքական հիմնարկ մը վտանգաւոր կը համարէ հայ- ռուսական համագործակցութիւնը

«Թուրք Զարգացման Հիմնարկ» կոչուած թրքական կազմակերպութիւնը, որ կը գործէ Ամերիկայի մէջ, ամերիկեան քանի մը գլխաւոր թերթերուն մէջ հրատարակած է ամբողջ էջով բազմածաւալ, տարօրինակ ծանուցումներ, որոնց մէջ կը պախարակուէր Հայաստան-Ռուսաստան միասնութիւնն ու զօրակցութիւնը: Ծանուցումին մէջ կը նշուէր, որ Հայաստանի ու Ռուսաստանի միջեւ առկայ այս սեղմ զօրակցութիւնը Թուրքիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի դէմ վտանգ մըն է, քանի որ այդ զօրակցութիւնը Թուրքիոյ սահմաններուն վրայ կը ստեղծէ անկայուն ու պայթուցիկ վիճակ:

Այս անսովոր ծանուցումները, որոնք հրատարակուած են «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» կամ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի նման կարեւոր թերթերու մէջ, թիւերով կը նշէին, թէ Ռուսաստան որքան զինուորական ուժ կուտակած է Հայաստանի մէջ, մինչդեռ Թուրքիա ամէնէն անզանցառելի դաշնակիցներէն մէկն է Ամերիկայի ու ՆԱԹՕ-ի:

Ծանուցումներուն մէջ կը շեշտուէր նաեւ, որ միշտ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունեցած են ՆԱԹՕ-ի ու Ռուսաստանի միջեւ: