image
Հրատապ լուրեր:

Թրիփոլիի դէպքերը կը հրահրուին երրորդ կողմէ մը. Վաչէ Հարմանտայեան

Թրիփոլիի դէպքերը կը հրահրուին երրորդ կողմէ մը. Վաչէ Հարմանտայեան

Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կեդրոն։ Թրիփոլիի մէջ անցնող օրերուն տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, որոնք վերածուեցան, բառին բուն իմաստով, խժդժութիւններու:

Այս առումով «Արեւելք» կապ հաստատեց Թրիփոլի համայնքի ներկայացուցիչներէն, «Խրիմեան Նուպարեան» վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեանի հետ:

Հարմանտայեան խօսելով Թրիփոլիի այսօրուայ ընդհանուր իրավիճակին մասին, նշեց, որ մեծ ճիգեր կը տարուին խաղաղեցնելու համար  քաղաքի ընդհանուր վիճակը: Ան նաեւ ըսւա որ Թրիփոլին այսօրուան կտրուածքով դարձած է հատման կէտ՝ երկու հիմնական ուժերու միջեւ, որոնցմէ առաջինը՝ Սէուտ-ֆրանսական   կողմն է եւ երկրորդը՝ Թուրքիան:

Մեր զրուցակիցը ըսաւ, որ Թրիփոլիի հայկական համայնքը կը գտնուի ապահով վիճակի մը մէջ եւ համայնքային մարմիններ մեծ ճիգեր կը գործադրեն՝ հասնելու համար մեր հայրենակիցներու կարիքներուն:

Հարմանտայեան նաեւ յայտնեց, որ քաղաքական առումով կը տարուին կարեւոր ճիգեր՝ իրավիճակը նախկին հուն բերելու համար, եւ այս առումով ան յիշատակեց, որ ֆրանս-սէուտական նախաձեռնութեան մը յաջողութիւնը նաեւ դրական կը համարուի Թրիփոլիի հայկական համայնքին համար:


Ստորեւ կը ներկայացնենք Վաչէ Հարմանատայեանի հետ «Արեւելք»ի ունեցած հարցազրոյցը.

 

-Ինպիսի՞ն է իրավիճակը այսօր Թրիփոլիի մէջ: Ժողովուրդը ի՞նչ կը մտծաէ, ի՞նչ մտավախութիւններ կան:


Թրիփոլի քաղաքին մէջ այսօր հանդարտութիւն կը տիրէ: Վերջին օրերուն տիրող լարուածութիւնէն ետք բնակիչները կամաց-կամաց սկսան  ուշքի գալ։ Թրիփոլեցիներուն համար առաւել քան պարզ է, որ այս միջադէպերը երրորդ կողմի մը հրահրումով եւ մասնակցութեամբ  կ՚ըլլան։

Ի դէպ, Լիբանանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանին կատարած յայտարարութիւններէն անմիջապէս ետք Վարչապետ Հարիրիի կողմէ Թրիփոլի հասած  պատասխանատուն  արագօրէն  հակազդեց եւ ըսաւ, որ  վարչապետ Հարիրի պատրաստ է վերանորոգել  քաղաքապետարանի հրկիզուած շէնքը։

Այսպիսին է կացութիւնը, եւ թրիփոլեցիները չեն հաւատար որ այս ստեղծուած վիճակը արագ լուծում մը կը գտնէ, այլ կը կարծեն, որ տակաւին պիտի շարունակուի, որովհետեւ զանազան կողմեր, նաեւ՝ շրջանային, մասնակցութիւն ունին այս դէպքերուն մէջ:

 

-Թրիփոլիի հայութիւնը ի՞նչ կ'ընէ՝ ապահովական վիճակի առումով: Ո՞ր թաղերուն մէջ կեդրոնացած են հայերը, անոնց օժանդակութիւններ կը տրամադրուի՞ն:


Ինչ կը վերաբերի հայութեան եւ մեր համայնքին, ապա ըսեմ,որ Թրիփոլիի մէջ 3 հայկական կառոյցներ կան՝ դպրոցը՝ «Նուպարեան Խրիմեան» ազգային վարժարանը, եկեղեցին եւ ակումբը: Այս երեք կառոյցները միասնաբար աշխատանք կը տանին չորս կեդրոններու մէջ, որոնցմէ երկուքը կը գտնուին Մինայի եւ   եւ Քուրայի Տահր Ալ-այն շրջաններուն մէջ։ Մենք այս շրջաններուն մէջ պատասխանատուներ նշանակած ենք եւ անոնց հեռաձայնի թիւերը բոլոր ծնողներուն բաժնած են:  Կարելի է ըսել, որ մենք 24 ժամ աշխատանքի վրայ ենք, մեր ժողովուրդին օգտակար կը դառնանք իրենց կարիքները հոգալու առումով, սկսած սննդեղէնի բաշխումէն, որ մինչ օրս 10 անգամ իրականացուցած ենք,  եւ հասնելով միչեւ նիւթական օժանդակութեան յատկացում։ Անշուշտ  կան նաեւ առողջապահական պէտքեր, որոնց համար անհրաժեշտ լուծումներ գործի կը դնենք։ Այս օժանդակութիւնները ընդհանրապէս կը բաժնուին բոլոր չքաւոր ընտանիքներուն անխտիր: Նաեւ ըսեմ, որ մենք ամէնօրեայ կտրուածքիվ կապ կը պահենք համայնքի ընտանիքներուն, մանաւանդ մեծահասակներուն  հետ, որոնք առանձին կ'ապրին։

Այս բոլոր աշխատանքները կ'իրականացնեն ՀՅԴ ակումբի երիտասարդները, գործակցաբար այլ երիտասարդներու հետ: Սննդեղէնի բաշխումին տարբեր հաստատութիւններ մասնակցած են, որոնց կարգին՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Ազգային առաջնորդարանը, ՀՕՄ-ը, ՀՄԸՄ-ը, նաեւ Կիպրոսի գաղութը եւ «Ալեքօ Պէզիկեան ֆոնտ»ը։

Նշեմ նաեւ, որ այս բոլոր աշխատանքները կը համադրէ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն: