Բոլոր այցելուները, Սրբազան Պատրիարք Հօր անձին ընդմէջէն շնորհաւորեցին Հայ Համայնքի Ս. Յարութեան Տաղաւարը ու իրենց բարեմաղթութիւնները յղեցին։ Իսկ մեր Հոգեւոր Պետը Զատկական կարմիր հաւկիթ նուիրեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին։
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի էջէն կը կարդանք՝
Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 7 Ապրիլ 2026, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց քոյր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներու շնորհաւորութիւնները։
Այցելութեան եկան Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը ընկերակցութեամբ Եօաքիմ Մետրոպոլիտին, Հրեայ համայնքի Խախամապետ Ռավ Տաւիտ Սըվի, ընկերակցութեամբ իր օգնականին եւ դիւանապետ Եուսուֆ Ալթունթաշի, Ասորի Ուղղափառ համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չեթին Մետրոպոլիտի հիւանդութեան պատճառաւ փոխանորդը եւ վարչութեան Ատենապետ Քենան Կիւրտալ, Ղպտի Եկեղեցիէն Տ. Մարք Քհնյ. Ասատի, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ Գերյ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան Գերապայծառը ընկերակցութեամբ Յակոբ Սրկ, Մինասեանի եւ Ժան Կսսրկ, Աճէմօղլուի, Ս. Յակոբ Հիւանդանոցի Վարչութեան Ատենապետ՝ Պէրնար Սարըպայ եւ այլ եկեղեցիներու վարչութեան անդամները, Մխիթարեան Վարժարանի վարչութեան անդդամները, Քաղդէացի Կաթողիկէ համայնքի նախկին առաջնորդ՝ Մոնս. Ռամզի Կարմու Արքեպս.ը ընկերակցութեամբ վարչութեան ատենապետին, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսը ընկերակցութեամբ վարչութեան անդամներու եւ տիկնանց յանձնախումբի ներկայացուցիչներու, Բողոքական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Պեհնան Քոնութկանի։ Վաքըֆներու Տնօրէնութեան մօտ փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներու ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան:
Իսկ յետ միջօրէին, շնորհաւորութեան այցելութեան եկան Պէյօղլուի Գաւառապետ Աթաքան Աթասոյ եւ տիկինը, Կղզեաց Քաղաքապետ Ալի Էրճան Աքփօլաթ ընկերակցութեամբ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներու, Պէյօղլուի Քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները, ՃՀՓ, Սաատէթ եւ ՏԷՄ կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, Էրտէմ Հոլտինկի վարչութեան ատենապետ Զէյնէլ Ապիտին Էրտէմ։
Բոլոր այցելուները, Սրբազան Պատրիարք Հօր անձին ընդմէջէն շնորհաւորեցին Հայ Համայնքի Ս. Յարութեան Տաղաւարը ու իրենց բարեմաղթութիւնները յղեցին։ Իսկ մեր Հոգեւոր Պետը Զատկական կարմիր հաւկիթ նուիրեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին։