Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «խղճուկ փորձ» կատարած է՝ Իրանի մէջ պատերազմի միջոցաւ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու մանկապղծութեան մէջ մեղադրուող ֆինանսիստ Ճեֆրի Էփշթէյնի գործէն։ Այս կարծիքը յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ եւ Դեմոկրատական կուսակցութենէն նախագահի նախկին թեկնածու Քամալա Հարիսը։
«Սա Էփշթէյնի թղթածրարէն ուշադրութիւն շեղելու անոր խղճուկ փորձն է»,- ըսած է քաղաքական գործիչը Տեթրոյթ (Միչիգըն նահանգ) քաղաքին մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան կազմակերպած միջոցառման ժամանակ։
Քաղաքական գործիչի կարծիքով՝ ԱՄՆ ներքաշուած է հակամարտութեան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի պատճառով։
«Իրականութեան մէջ ամերիկացի ժողովուրդը չի փափաքիր մասնակցիլ այդ հակամարտութեան։ Մարտական գործողութիւններու ընթացքին վտանգի տակ յայտնուած են ամերիկացի զինծառայողներ, իսկ հակամարտութեան հետեւանքով բարձրացած են վառելիքի գիները»,- ըսած է Հարիսը։
Քաղաքական գործիչը նաեւ մեղադրած է նախագահը այն բանի համար, որ ան ամերիկացի առաջնորդներէն առաջինն է, որ հրաժարած է պատասխանատուութենէն՝ պաշտպանելու աշխարհի մէջ ԱՄՆ-ի դաշինքները, եւ նախընտրած է չսատարել միջազգային կանոններն ու նորմերը, ինչպիսիք են ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Այսպիսով՝ ըստ Հարիսի, ԱՄՆ դաշնակիցներու աչքին դարձած է անյուսալի գործընկեր։
«Ընդհանուր առմամբ, այժմ ԱՄՆ-ի մէջ իշխանութեան ղեկին կը գտնուի երկրի պատմութեան մէջ ամենակաշառակեր, կոպիտ եւ անկարող վարչակազմը»,- նշած է նախագահի նախկին թեկնածուն։
Յիշեցնենք, որ 2026 թուականի յունուար 30-ին ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութիւնը աւարտած է Էփշթէյնի թղթածրարէն աւելի քան 3 միլիոն էջ փաստաթուղթերու, ինչպէս նաեւ աւելի քան 2,000 տեսանիւթի եւ 180,000 լուսանկարի հրապարակումը։ Անոնց մէջ ներառուած են տարբեր երկիրներու արքայական ընտանիքներու անդամներու, յայտնի պետական գործիչներու, գործարարներու, դիւանագէտներու եւ գիտնականներու տասնեակ անուններ։