«Իրան Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու երկրորդ փուլի ծրագիրներ չունի»․ ապրիլ 20-ին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Էսմայիլ Պաղայի, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
Իրանցի պաշտօնեան մեղադրած է Միացեալ Նահանգները հրադադարը խախտելու մէջ։
Իրանական կողմը հրադադարի խախտում կը համարէ ապրիլ 19-ին ամերիկեան ուժերու կողմէ Իրանի դրօշի ներքոյ նաւարկող նաւու առգրաւումը, ինչպէս նաեւ Պարսից ծոցը շրջափակման մէջ պահելու Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը։
Նախնական տուեալներով՝ իրանա-ամերիկեան բանակցութիւններու նոր փուլը նախատեսուած է ապրիլ 21-ին Իսլամապատի մէջ։ Այդ քաղաքին մէջ է, ուր երկու երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները իրենց անդրանիկ հանդիպումը կատարած են։
Բանակցութիւններու նոր փուլին համաձայնած են ԱՄՆ-ը եւ Փաքիստանը, մինչդեռ Իրանէն յստակ պատասխան չէ հնչած։ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հաստատուած երկշաբաթեայ հրադադարը պիտի աւարտի ապրիլ 22-ին։