image

Իրան պատրաստ չէ ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններ վարելու

Իրան պատրաստ չէ ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններ վարելու

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էսմայիլ Պաղային ապրիլ 20-ին յայտարարել է, որ Թեհրանն այս պահի դրութեամբ չի ծրագրեր մասնակցիլ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու յաջորդ փուլին։

«Մինչ այս պահը, քանի դեռ ես այստեղ եմ, մենք բանակցութիւններու յաջորդ փուլին մասնակցելու ծրագիր չունինք, եւ այս առումով որեւէ որոշում չէ կայացուած», - լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Պաղային։

Ան մեղադրած է Միացեալ Նահանգները հրադադարի ռեժիմը խախտելու, բանակցային գործընթացին մէջ դիրքորոշումը պարբերաբար փոխելու մէջ, որ կը խանգարէ գործընթացի առաջընթացին։ Պաղային նշած է, որ ի տարբերութիւն հակառակ կողմի՝ Իրան «ամուր կանգնած է իր արդար դիրքերուն վրայ»։ Իրանի ԱԳՆ խօսնակը յիշեցուցած է, որ իրենք ի սկզբանէ նախանշած են իրենց համար անընդունելի կէտերը։

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը չի ճանչնար իր ազգային շահերու պաշտպանութեան վերաբերեալ որեւէ վերջնագիր։ Ազգային շահերու պաշտպանութիւնը պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է, եւ Միացյալ Նահանգներու կամ սիոնիստական ​​ռեժիմի կողմէ որեւէ նոր արկածախնդրութեան պարագային զինուած ուժերը պիտի տան հզօր պատասխան», -ըսած է Պաղային։

Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ ապրիլ 20-ին ԱՄՆ պատուիրակութիւնը պիտի ժամանէ Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատ՝ Իրանի հետ բանակցութիւններ կայացնելու համար։ Ան նաեւ աւելցուցած էր, որ ԱՄՆ-ն պիտի ոչնչացնէ իրանական բոլոր ելեկտրակայաններն ու կամուրջները, եթէ Թեհրանը չհամաձայնի Ուաշինկթընի հետ գործարքի։

Փաքիստանի իշխանութիւնները երկրին մէջ ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու երկրորդ փուլի կայացման աշխատանքներ կը կատարեն։ Խստացուած է անվտանգութիւնը մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ։