image

Իմարաթներ դրամական աջակցութիւն պիտի խնդրէ Միացեալ Նահանգներէն

Իմարաթներ դրամական աջակցութիւն պիտի խնդրէ Միացեալ Նահանգներէն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ԱՄՆ-ի հետ քննարկումներ սկսած է ամերիկեան նիւթական աջակցութիւն ստանալու հնարաւորութեան շուրջ, եթէ Իրանի շուրջ հակամարտութիւնն ԱՄԷ-ն ներքաշէ աւելի խոր ճգնաժամի մէջ: Այս մասին յայտնած է The Wall Street Journal թերթը։

Մասնաւորապէս, յայտնի է, որ ԱՄԷ-ի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Խալետ Մոհամետ Պալաման անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցած է ԱՄՆ-ի ելեւմուտի նախարար Սքոթ Պեսէնթի, ինչպէս նաեւ ելեւմուտի նախարարութեան եւ Դաշնային պահուստային համակարգի ներկայացուցիչներու հետ։

Թերթի զրուցակիցներու խօսքով, ԱՄԷ-ի մէջ ընդգծած են, որ մինչ այժմ անոնք յաջողած են խուսափել Իրանի շուրջ հակամարտութեան ամենավատ տնտեսական հետեւանքներէն, սակայն նիւթական աջակցութիւնը «դեռ կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ»։

Հրատարակութիւնն ուշադրութիւն հրաւիրած է այն բանի վրայ, որ նման քննարկումները կ՚ընդգծեն ԱՄԷ-ի աճող մտահոգութիւնը, թէ հակամարտութիւնը կրնայ վնաս հասցնել իրենց տնտեսութեան եւ միջազգային ելեւմտական կեդրոնի դիրքին՝ սպառելով արժութային պահուստները եւ առաջացնելով դրամագլուխի արտահոսք։

Փետրուար 28-ին Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի կողմէ սկսած գործողութեան եւ Թեհրանի պատասխան գործողութիւններու լոյսի ներքոյ վնասուած են ԱՄԷ-ի ուժանիւթային ենթակառուցուածքները, իսկ Հորմուզի նեղուցով էմիրաթական նաւթի մատակարարումներն արգելափակուած են։