Լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայքի փոխանցմամբ, «Հըզպալլա»ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Նաhիմ Քասէմ հանդէս գալով «Ալ Մուսթաֆա» վարժարանի աւարտական հանդէսին, յայտարարած է, որ կ'ուզէ անդրադառնալ երկու գլխաւոր թեմաներու: «Անոնցմէ առաջինը համաշխարհային դերասան պարոն Թրամբի մասին է, որ փորձեց մարդոց զգացումներուն հետ խաղալ, իր եսապաշտութիւնը դրսեւորել, ինչպէս նաեւ արեւելքի եւ արեւմուտքի մէջ մարդոց ջիղերը լարել, պատճառաբանելով, որ ինք է որոշման տէրն ու ինք պիտի կայացնէ այդ որոշումը», սակայն, ըստ Քասէմի, պարզուեցաւ, որ աշխարհի խոշորագոյն եւ ուժեղագոյն երկրի նախագահը ոչ մէկ պայմանագիր կամ համաձայնագիր կը յարգէ, եւ կը փորձէ ԱՄՆ-ի ձախողած ռազմավարութիւնը պարտադրել տարածաշրջանի ժողովուրդներուն, սակայն ան չի կրնար յաջողութեան հասնիլ:
Քասէմ նշած է, որ Թրամբ չի հանդուրժեր տարածաշրջանին մէջ Սուրիոյ, Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի ուժեղ գոյութիւնը, որովհետեւ անոնք կը խանգարեն իր ծրագիրներու իրականացումը: Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը հաւաստիացուցած է, որ «Հըզպալլա»ի համար Իսրայէլ եղած է եւ պիտի մնայ ոխերիմ թշնամի, եւ անոր դէմ մղուող պայքարը կանգ պիտի չառնէ:
Երկրորդ թեման, որուն անդրադարձ կատարած է Քասէմ, բանակ-ժողովուրդ-ինքնապաշտպանութիւն երեքային հաւասարութենէն, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին գրանցուած յաղթանակներէն ետք Լիբանանի առաւել հզօրացման գաղափարն է՝ արտաքին դաւադրութիւնները դիմակայելու առումով: «Իսրայէլի դէմ Լիբանանի յաղթանակը երկրի կայունութեան ուժն ու ինքնիշխանութիւնն ամրապնդեց, իսկ
ծայրայեղական ահաբեկչութեան դէմ տարած յաղթանակով երկիրը պաշտպանուեցած կրօնական անհանդուրժողականութենէն»,- կարծիք յայտնած է Քասէմ:
Իր խօսքի աւարտին Քասէմի նշած է, որ նախագահի ընտրութեամբ Լիբանան վերագտաւ իր առողջութիւնը, իսկ ժողովուրդի ձայնը հանդիսացող խորհրդարանն ինք է, որ կը ներկայացնէ ժողովուրդն ու անոր շահերը: