image

Թրամբի որոշումը «վտանգաւոր» նուէր էր. Իսրայէլացի վերլուծաբան

Թրամբի որոշումը «վտանգաւոր» նուէր էր. Իսրայէլացի վերլուծաբան

Հակառակ անոր, որ Թրամբի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարուիլը մեծ ոգեւորութիւն առաջացուց իսրայէլցիներու եւ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու մօտ, սակայն փոքր չէ թիւը նաեւ իսրայէլցի այն վերլուծաբաններուն, որոնք իրենց մտահոգութիւնն արտայայտեցին այս առթիւ, կը գրէ «Ալ Տիար»ը:

Մտահոգութեան ու քննադատութիւններու գլխաւոր պատճառն այն էր, որ Թրամբի յայտարարութիւնը կրնայ խաթարել Իսրայէլի անվտանգութիւնն ու պատճառ դառնալ իսրայէլացիներու դէմ իրականացուելիք արիւնալի դէպքերու:

Քննադատութիւններէն մէկը Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախկին նախագահ Կիորա Այլանտի յօդուածն էր, որ լոյս տեսած է «Եատոհոթ ահրունոթ» թերթին մէջ, ուր մասնաւորապէս յայտնած էր. «Թրամբի քայլը մէկ կողմէ անբովանդակ, միւս կողմէ շատ վտանգաւոր քայլ էր»:

Այլանտի համոզմամբ, Իսրայէլ-Պաղեստին որեւէ ապագայ համաձայնութիւն հիմնուած պիտի ըլլայ 1967 թուականի նախագիծին վրայ, առաւելագոյնս երկու կամ երեք տոկոսի փոփոխութեանբ, ուրեմն ի՞նչ կարիք կայ լարուածութիւն ստեղծելու, եթէ նման քայն ոչ մէկ օգոէտ պիտի տայ Իսրայէլին:

Իր հերթին «Հաարթս» թերթի արաբական հարցերով վերլուծաբան Թեսֆի Պերիիլ գրած է. «Թրամբ Նաթանիահուին ամանորեայ նուէր մը յանձնեց, որուն կարիքը չկար: Ճանչնալ քաղաք մը, որուն սահմանները յստակեցուած չեն, չի կրնար բանակցութիւններու սեղանէն բացակայիլ, եւ ապագային պիտի ենթարկուի զոյգ կողմերու համաձայնութեան»:

Վերլուծաբանին կարծիքով, պէտք չէ ազդուիլ արաբական երկիրներու, պաղեստինցիներու եւ Եւրոպայի կողմէ հնչած զգուշացումներով ու սպառնալիքներով, որովհետեւ երբ ժամը գայ ու Իսրայէլի կառավարութիւնը որոշէ պաղեստինցիներու հետ բանակցութիւններ վարել, ինչպէս  նաեւ սահմաններ գծելով որոշ տարածքներէ հեռանալ, այնժամ Թրամբի յայտարարութիւնը ոչ մէկ արգելք կրնայ հանդիսանալ: