image

Թրամբի դէմ ուղղուած նոր մեղադրանքներ

Թրամբի դէմ ուղղուած նոր մեղադրանքներ

Երկուշաբթի 11 յունիսին, ամերիկացի փաստաբաններ յայտարարած են, որ նախագահ Թրամբ ապօրինի ճամբով գումարներ կը ստանայ այն օտարերկրացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն,որոնք Ուաշինկթընի իր հիւրանոցը կ'իջեւանեն:

«Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Թրամբի դէմ ուղղուած մեղադրանքը որպէս հիմք ունի ամերիկեան օրէնքը, ըստ որուն, երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաները իրաւունք չունին ոեւէ թագաւորէ, իշխանէ, կամ օտար երկրէ նուէրներ, գումարներ, պաշտօն կամ կոչում ստանալ, առանց Քոնկրէսի համաձայնութեան:

Բողոքաբերներուն համաձայն, Թրամբ ինքզինք տակաւին լիովին չէ տարանջատած իր տնտեսական խումբէն, բան մը, որ շահերու բախում կը ստեղծէ:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Թրամբի պաշտպան փաստաբանները չեն հերքեր, որ վերջինս յիշեալ գումարներն ստացած է, սակայն կը պնդեն, որ անոնք օրինական են, նկատի ունենալով, որ անոնց փոխարէնը Թրամբ օտարերկրացի պաշտօնեաներուն համար որեւէ ծառայութիւն չի մատուցեր: