Բաբգէն Գրիգորեան վերջին հայն է, որ անցեալ Մայիսին կրցած է ծանր պայմաններու տակ հեռանալ Թատմորէն: Անցեալ Մայիսին «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը առաջին անգամ ոտք կը դնէր Թատմոր եւ ահ ու սարսափ կը տարածէր ամբողջ շրջանին մէջ: Գրիգորեան կը նշէ, որ ներկայիս իր ծննդավայրին մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի, միայն յստակ է, որ քաղաքին մէջ եղող բնակչութեան մեծ մասը դուրս եկած են շրջանէն` հաստատուելով այլ վայրեր: Ուշագրաւ է Բաբգէնի միակ զաւակին եւ անոր եղբօր Թատմորէն փախուստի պատմութիւնը, երբ անոնք լսելով իր խորհուրդը մեծ արկածախնդրութեան մը դիմելով յաջողած են փրկուիլ ծայրայեղականներու ճիրաններէն: Բաբգէն նաեւ կը յիշէ, թէ ինչ անմարդկային պայմաններու տակ «Իսլամական պետութեան» զինեալներ սպանդներ ըրին քաղաքին մէջ: Գրիգորեան, որ մօտէն ծանօթ եղած է Թատմորի պատմական բերդի պատասխանատուին ՝ սրտցաւօրէն կը յիշէ անոր սպաննութիւնը եւ կ'ըսէ, թէ ԻՊ-ը զինք սպաննեց, որովհետեւ սուրիացի հնագէտը հակառակ մեծ ճնշումներու ենթարկուելուն, մերժած էր Թատմորի բերդի քարտէզները յանձնել ծայրայեղականներուն: Ներկայիս Շուէտ հաստատուած Բաբգէն Գրիգորեանի հետ «Արեւելք»ի ունեցած հանդիպման ամբողջական նիւթը կը հրապարկենք «Արեւելք»ի հարցազրոյց բաժնին մէջ: