image

Թալիշի մէջ վերականգնման աշխատանքներ սկսած են

Թալիշի մէջ վերականգնման աշխատանքներ սկսած են

Շաբաթէ մը ի վեր, Թալիշի բնակիչներուն մէկ մասը կը վերահաստատուի գիւղին մէջ եւ որոշ վերականգնման աշխատանքներ կը կատարէ՝ տուներու, տնամերձ տարածքներու եւ ենթակառուցուածքներու հետ կապուած։ Այս մասին «Արցախբրէս»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Թալիշ համայնքի նախկին ղեկավար Վիլէն Պետրոսեան, որ այժմ կը պաշտօնավարէ Ալաշան համայնքին մէջ:

Արցախի հանրային հեռուստացոյցի փոխանցմամբ՝ օրերս Թալիշ գիւղ այցելած հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այնտեղ աշխատանքային խորհրդակցութիւն կազմակերպած է՝ նշելով, որ անհրաժեշտ է բոլոր ուժերն ու միջոցները ներդնել՝ գիւղը վերականգնելու համար։ Խորհրդակցութեան մասնակցած են ԼՂՀ տնտեսութեան եւ քաղաքաշինութեան նախարարներ, Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավարը, Թալիշի մէջ կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչը, պաշտօնատար այլ անձեր, ինչպէս նաեւ Թալիշի բնակիչներ:

Նախագահին զեկուցած են գիւղին մէջ ջրամատակարարման ցանցի վերականգնման մասին, եւ՝ հաւաստիացուցած, որ ենթակառուցուածքներու առումով Թալիշ գոնէ այս փուլին որեւէ խնդիր չունի։ Գիւղի վերականգնման աշխատանքները նոյն աշխուժութեամբ շարունակելու համար հանրապետութեան նախագահին կողմէ նոր յանձնարարութիւններ տրուած են։

Նշենք, որ ապրիլեան պատերազմէն ետք Թալիշ դատարկուած էր, մարդիկ հեռացած էին իրենց տուներէն ու հաստատուած՝ Արցախի տարբեր բնակավայրերու մէջ: