Թրքական զօրքերուն հովանին վայելող վարձկաններու եւ քրտական «Քաստ»ի զինեալներուն միջեւ բախումներ կը գրանցուին Թալ Ապիատի մէջ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդած է «Ալ Մարսատ» կայքը նշելով, որ շրջանին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր բախումներ չէին գրանցուիր։
Յիշեցնենք, որ հիւսիսային Սուրիոյ կարեւոր հատուածին վրայ Թուրքիան կը շարունակէ իր ազդեցութիւնը գործել, ուր կան տասնեակէ աւելի Անգարայի հովանաւորութեամբ գործող հրոսակային խմբաւորումներ։