Արաբական «Ալ Արապիա» լրատուական հեռուստակայանին փոխանցմամբ, Սուրիոյ մօտ ՄԱԿ-ի պատուիրակ Տէ Միսթուրա Սուրիոյ ընդդիմութեան յայտնած է, որ վարչակարգի փոփոխութիւնը բացառապէս պէտք է տեղի ունենայ սահմանադրութեան համաձայն կամ ընտրութիւններու միջոցով:
Ըստ «Ալ Արապիա»ի, Տէ Միսթուրա Սուրիոյ ընդդիմութեան փոխանցած է, թէ այլեւս ոչ մէջ միջազգային կողմի օժանդակութիւն կը վայելէ, աւելցնելով, որ Ժնեւի բանակցութիւններու անյաջող աւարտը պիտի առաջնորդէ զայն Սոչիի բանակցութիւններով փոխարինելուն:
«Ալ Հատաս» կայքին փոխանցմամբ, Տէ Միսթուրայի նման յայտարարութենէն ետք ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու եւ վերջինիս միջեւ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է: