image

Ճիզրէի Մէջ 12 Սպանեալներ Անծանօթ Վայրի Մէջ Թաղուած Են

Ճիզրէի Մէջ 12 Սպանեալներ Անծանօթ Վայրի Մէջ Թաղուած Են

Ճիզրէ- («ANF News»)- Թրքական ուժերու կողմէ Ճիզրէի վրայ ցեղասպանական յարձակումներու հետեւանքով խաղաղ բնակիչներ սպանուած են, եւ թաղուած՝ Եաֆէսի շրջակայքը՝ առանց յանձնուելու իրենց ընտանիքներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ քրտական «ANF News»ը, նշելով, որ 21 դիակներ, որոնցմէ 12-ը անյայտ՝ թաղուած են քաղաքապետարանին պատկանող հողատարածքին մէջ: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ թաղելու որոշումը կայացուած էր Ներքին Գործերու նախարարութիւանը, որպէս արտակարգ իրավիճակի յանձնարարութիւն:

Այս հարցին անդրադառնալով, Ճիզրէի քաղաքապետարանի գերեզմանատուներու վարչութեան մէջ աշխատողներ ըսած են, որ իրենք, հրետանիներէն տեղացող կրակոցներուն տակ, Ճիզրէ նահանգի կառավարիչի հրահանգով թաղած են այդ դիակները, երբ  տակաւին պարետային ժամ կը տիրէր շրջանին մէջ: «Մենք, քաղաքապետարանի  3 աշխատողներս, նահանգապետի պատուէրով, վերցուցինք դիակները  հիւանդանոցէն եւ մէկիկ մէկիկ թաղեցինք զանոնք Եաֆէսի շրջակայքէն ներս, որ դարձաւ անյայտներու գերեզմանոց. դիակներէն 12-ը նոյնիսկ անուն չունէին, իսկ մնացեալ 9-ի անունները գրած ենք քարին վրայ  եւ թաղած» ըսած են աշխատողները, աւելցնելով, որ  այդ անանուն  մարմիններուն մէջ եաղծ է նաեւ արգանդի մէջ սպանուած երեխայի մը դիակը: «Մենք մեր կեանքի ամենադժուար օրերը ապրեցանք, մենք ալ կրնայինք այնտեղ մահանալ»,  յայտնած են քաղաքապետարանի աշխատողները:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, թէ՝ մինչ Ճիզրէյի նկուղներուն մէջ դաժանօրէն մինչեւ մահ այրած տասնեակ մարմիններ պահուած էին տարբեր հիւանդանոցներու դիահերձարաններուն մէջ,  քաղաքապետարանը նոր գերեզմանոցներ կը փորձէր ճարել: Այս ընթացքին, ընտանիքները կը շարունակեն սպասել դիահերձարաններու դռան առջեւ, մտահոգուած, որ տակաւին անանուն գերեզմաններու թիւը կրնայ աւելի շատնալ: