image
Հրատապ լուրեր:

Տաւութօղլուէն ետք ջրհեղե՞ղ

Տաւութօղլուէն  ետք ջրհեղե՞ղ

Թուրքիոյ`արդէն նախկին վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլուի  հրաժարականը   նոր իրավիճակ   պիտի ստեղծէ երկրին մէջ:  Նէօ-օսմանիզմի   ճարտարապետը համարուող Տաւութօղլուի  իշխանութիւնէն հեռացումը   կը պարունակէ մի քանի «պատգամներ», որոնց հիմնականը  Էրտողանի  միապետ դառնալու «աւետիս»ն է: Բնական է, որ Տաւութօղլուի պէս  գործիչ մը, որ  կը ներկայանար, որպէս ակադեմական   back ground ունեցող  գործիչ, ուրախութեամբ ու մանաւանդ համոզուածութեամբ պիտի չլքէր իր պաշտօնը,  այլ ծանր   ճնշումներու     տեղի   տալով  պիտի հեռանար:  Էրտողան,  իր  այս    քայլով     կը կատարէր    «վիրաբուժական» գործողութիւն մը  եւ  ներիշխականական  բուրգէն կը հեռացնէր դաւադրութիւններու սցենարը:  Թէ ինչքան  օգտակար  պիտի ըլլայ  Էրտողանի այս քայլը  երկրին համար  պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ Թուրքիան կանգնած է կարեւոր ջրբաժանի մը առաջ: Բացի  անկէ, որ  երկրի    քրտական   բնակչութիւն ունեցող գաւառակներուն եւ  գիւղերուն մէջ արիւնահոսութիւնը դադար չունի, այսօր արդէն երեւելի է, որ նկատելի ճեղք մը յառաջացած է իշխող  AKP կուսակցութեան մէջ:   Տաւութօղլուն «ճզմելու» իր քայլով Էրտողան    չյաջողեցաւ  իր կուսակցութեան մէջ եղած  վէրքերը  դարմանել, այլ ընդհակառակը  թոյլ տուաւ, որ  հազիւ երեւացող ճեղքը  աւելիով լայնանայ: Թէ ի՞նչ  հետեւանքներ կ'ունենայ   Էրտողանի  այս «ֆորս մաժորային» քայլը, տակաւին յստակ չէ, բայց յստակ է, որ  Տաւութօղլու իր  «հլու հնազանդ»   քայլով եւ ճնշումները  ընդունելու    ճարտարութեամբ նոր կեանք գրեց իր քաղաքական գործունէութեան: Նոր կեանք գրեց կ'ըսենք՝ նկատի առնելով   այն սպասելի  գործողութիւնները,  որոնք կրնան  կազմակերպուիլ   Նէօ-օսմանիզմի  այս ճարտարպետին եւ Էրտողանի իշխելաոճէն    վրդոված միւս քաղաքական  դէմքերուն  կողմէ: Այլապէս     ակադեմական   կրթութիւն ունեցող  գործիչը       կը մտնէ Թուրքիոյ արդի պատմութեան էջերուն   մէջ եւ ապա շրջան մը ետք կը մոռցուի:    Վերը   տրուած մեր հարցադրումը  Թուրքիոյ մէջ   «ջրհեղեղ» մը  տեղի ունենալու մասին  վստահաբար քաղաքական   հարթութեան  վրայ պիտի ըլլայ: Ու քաղաքական  բնորոշումով կատարուած     փոփոխութիւնները շատ աւելի  հզօր ազդեցութիւններ կրնան ունենալ քան գետնի վրայ գրանցուող կէրիլայական   կռիւները: