Լիբանանի Ներքին անվտանգութեան գլխաւոր վարչութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է, ուր նշուած է, թէ Սուրիայէն դէպի Լիբանան ապօրինի սահմանահատման դէմ պայքարի ծիրին մէջ, 15 սեպտեմբերին 96 սուրիացի ձերբակալուած է ապօրինի սահմանահատման մեղադրանքով, եւ 3 անձ` ապօրինի սահմանահատում կազմակերպելու մեղադրանքով:
Յայտարարութեան համաձայն, ձերբակալուողներուն մէջ մեծ թիւով կիներ ու երեխաներ եիս կան:
Վերջիններս յանձնուած են իրաւապահ մարմիններու, համապատասխան գործողութիւններ իրականացնելու համար: