image

Միջադէպ Լիբանան- Իսրայէլ սահմանին. Կայ մէկ զոհ

Միջադէպ Լիբանան- Իսրայէլ սահմանին. Կայ մէկ զոհ

Այսօր յետմիջօրէին խումբ մը երիտասարդներ մօտեցած են Լիբանանի կողմէ Իսրայէլեան սահմանին (Լիբանանի կողմէ «Ալ Խիամ»ի շրջանէն) եւ փորձած են անցնիլ  սահմանին դրուած փշաթելերը։

 

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Lebanon Debate կայքէն։

 

 Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ  իսրայէլեան բանակային ուժեր նկատելով երիտասարդներու ներկայութիւնը կրակ բացած են անոնց ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով ալ երկու անձեր վիրաւորուած են։

 

  Դէպքէն անմիջապէս ետք Լիբանանեան բանակի զինուորներ հասած են դէպքի վայր ու ետ մղած  երիտասարդները։

 

 Յիշեցնենք, որ պաղեստինցի եւ լիբանանցի երիտասարդներու բողոքի այս քայլը տեղի կ՚ունենայ Կազայի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի մէջ տիրող լարուած վիճակին զուգահեռ։