Լիբանանի Ազգային անվտանգութեա վարչութիւնը, Ապպաս Իպրահիմի գլխաւորութեամբ, կը շարունակէ հարցումներ կատարել քաղաքացութիւն ստանալու դիմումներ ներկայացնող 430 անուններու վերաբերեալ, որոնք ընդգրկուած են պայմանները բաւարարողներու ցուցակին մէջ, կը գրէ «Ալ Ախպար» թերթը:
Թերթին փոխանցմամբ, բացի անվտանգութեան մարմիններու կողմէ կասկածի առարկայ համարուող 5 անուններէն, հաւանական է, որ վարչութիւնը տասնեակ անուններ քննարկման ներկայացնէ, կամ հեռացնէ քաղաքացութիւն ստացողներու ցուցակէն:
Նշենք, որ քննարկումներէն ետք վերջնական որոշումը պիտի ձգուի նախագահական պալատին, բարձրագոյն ատեանին կամ Ներքին գործոց նախարարութեան: