image

Տարածքաշրջանի քարտէզը պիտի չփոխուի. Իրանցի զօրահրամանատար

Տարածքաշրջանի քարտէզը պիտի չփոխուի. Իրանցի զօրահրամանատար

Իրանի բանակի ցամաքային ուժերու հրամանատար Քիոմարս Հէյտարին  յայտարարած է, որ Իրանի զինուած ուժերը կ'ընեն հնարաւորը սահմանամերձ շրջաններուն մէջ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանման համար եւ չեն հանդուրժեր միջազգային իրաւունքի խախտումները: Ինչպէս կը տեղեկացնէ իրանական Mehr-ը,  անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ Քիոմարս Հէյտարին յայտարարած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը յամառօրէն կոչ կ'ընէ երկու կողմերուն լուծելու իրենց խնդիրները քաղաքական ճանապարհով:

«Տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութեան պահպանումը մեր կարմիր գիծն է, եւ ոչ մէկ իշխանութեան  կը թոյլատրուի փոխել տարածաշրջանի աշխարհագրութիւնը, եւ մենք այդ չենք հանդուրժեր», - նշած է ան:

Հէյտարին ըսած է, որ  բանակի ցամաքային զօրքերը տեղակայուած են սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, եւ անոնք բոլոր ջանքերը կը գործադրեն տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանման համար: