ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչի տեղակալ Վլատիմիր Սաֆրոնկով յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է արձագանգէ ահաբեկիչներու կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:
«Տահէշ-ի ահաբեկիչները կը տիրապետեն քիմիական զէնքի արտադրութեան թեխնոլոկիաներուն եւ զայն աշխոյժ կերպով կը կիրառեն Սիրիոյ եւ Իրաքի մէջ»,- ըսած է Սաֆրոնկով, ախելցնելով, որ «Ոչ պետական կողմերուն քիմիական զէնքի հասանելիութեան մասին հաղորդագրութիւնները, Անվտանգութեան խորհուրդի մանրակրկիտ հետաքննութիւն կը պահանջեն»:
ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչի տեղակալը նշած է նաեւ, որ զէնքի այդ տեսակի տարածման դէմ պայքարը առաջնահերթութիւն է Մոսկուայի քաղաքականութեան մէջ: