image
Հրատապ լուրեր:

Տահէշ կը նահանջէ Ֆալլուժա նահանգին մէջ. Յաջորդ փուլը թաղային մարտերն են

Տահէշ  կը նահանջէ Ֆալլուժա նահանգին մէջ.  Յաջորդ  փուլը  թաղային մարտերն են

Իրաքեան բանակի հարիւրաւոր զինուորներ կը պատրաստուին  մուտք  գործել Տահէշի   տիրապետութեան  տակ եղող Ֆալլուժա  նահանգ: Այս մասին տեղեկութիւնը  փոխանցող  BBC Arabic  կայանը, նաեւ հաղորդեց, որ   այս պահուն  թէժ մարտեր կը  մղուին Ֆալլուժայի  սեմին եղող  3   ճակատներու վրայ: Կը նախատեսուի,   որ  յաջորդ  հանգրուանը ըլլայ  թաղային  մարտերու   հանգրուանը:  Զոհերու   մասին  տեղեկութիւններ չեն  փոխանցուիր, սակայն  մտավախութիւններ կան, որ Տահէշ ահաբեկչական  խմբաւորումը  մարդկային վահաններու   կը վերածէ   տեղի անզէն  բնակչութիւնը: