image

«Տահէշ» հազարաւոր սուրիական անձնագրեր ձեռք ձգած է

«Տահէշ» հազարաւոր սուրիական անձնագրեր ձեռք ձգած է

Գերմանիոյ  անվտանգութեան աղբիւրներ կը հաստատեն, որ  «Տահէշ» 11 հազար սուրիական անձնագրեր ձեռք ձգած է: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Bild am Sonntag» թերթը, նշելով,որ գերմանական իշխանութիւնները հետաքննութիւն սկսած են հարցին վերաբերեալ եւ ցուցակագրած այդ անձնագրերու հերթականութեան համարներու ցանկը, հիմնուելով հետախուզական տուեալներու վրայ:

 

Թերթը աւելցուցած է, որ ահաբեկիչներու ձեռքը գտնուուղ սուրիական անձնագրերու թիւը կը գերազանցէ 18 հազարը, նշելով, որ գերմանական իշխանութիւնները մտահոգութիւն յայտնած են, որ այդ անձնագրերը կրնան օգտագործուիլ  ահաբեկչական տարրեր երկիր մտցնելու  նպատակով:

 

Կը նշուի, որ 2016-ին Գերմանիոյ իրաւասու մարմիններու կողմէ ստուգուած 8625 սուրիացիներու անձնագրերը եղած են կեղծ եւ մինչեւ այս պահը կարելի չէ եղած բացայայտել, որ այդ «գաղթակաները» «Տահէշ»ի ադամ են, կամ ոչ: