Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու զինեալները մուտք գործեցին Ռաքքա քաղաք: Այս մասին կը հաղորդէ AFP լրատուական գործակալութիւնը: «Մեր ուժերը մտած են քաղաքին արեւելքը գտնուող Մաշլապ թաղամաս», գործակալութեան յայտնած է նշեալ ուժերու հրամանատար Ռոժտա Ֆելաթ:
Քրտական ղեկավարութեամբ նշեալ ուժերուն բանբերը` Թալալ Սիլօ յայտնած է, որ իրենց ուժերը «Տահէշ»ի դիրքերուն վրայ յարձակած են արեւելքէն, արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն: Ըստ անոր, ճակատամարտը «պիտի ըլլայ դաժան, որովհետեւ զինեալները պատրաստ են մեռնելու` պաշտպանելով իրենց վերջին յենակէտը»:
Նախքան այդ, Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան տեղեկատուութեան կեդրոնի ղեկավար Իպրահիմ Իպրահիմ յայտնեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր դաշինքը մօտակայ շարք մը գիւղեր ազատագրելէ ետք, այժմ պիտի սկսի ուղղակիօրէն Ռաքքա քաղաքին վրայ յարձակում գործել:
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր դաշինքին մաս կը կազմեն քրտական եւ արաբական խմբաւորումներ, անիկա կը վայելէ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը: