Թուիթըրի վրայ «զայրացած» անհատ մը գրած է, որ«յեղափոխականները» յաղթելէ ետք, դուրս պիտի քշեն Սուրիա մնացած հայութիւնը: Պիտի «քշեն» զիրենք դէպի իրենց «նախկին» վայրերը, իրենց հետ չհամագործակցելու պատճառով: Սակայն այս խօսքի հեղինակը չէր ճշդած, թէ ո՞ւր են այն վայրեր, որ պէտք է «քշուին» հայերը, երեւի նկատի ունենալով, որ անոնք Սուրիոյ հարազատ զաւակներն են: Հոն ծնած եւ միշտ տիպար քաղաքացիի օրինակ եղած՝ հայերը:
Սիւննի իսլամ եւ ընդդիմադիր ընկերներէս մէկուն հետ իմ ունեցած հանդիպմանս ժամանակ, իմ ուշադրութեանս ուզեց յանձնել այն հարցը, թէ ինչու այսօր հայերը ալեւիներուն «կողմը կը բռնեն», հակառակ որ տեղահանութեան ժամանակ, սիւննիներն էին, որ զիրենք պատսպարեցին, ընդունեցին եւ պաշտպանեցին:
Հարցումը անակնալ չէր ինծի համար, որովհետեւ նման սխալ կարծիք նախապէս ալ լսած էի ուրիշներէ: Անոր պատասխանեցի հետեւեալը, որ մեր ընկերային մշակոյթին մէջ ալեւիի, սիւնիի, քիւրտի, տիւրզիի եւ այլոց միջեւ տարբերութիւն դնել գոյութիւն չունի: Եւ որովհետեւ սուրիացի ժողովուրդի դիրքորոշումը իր պետութեան եւ կառավարութեան դիրքորոշման արտացոլանքն է, այն պետութեան, որ մեր կողքին գտնուեցաւ մեր տագնապի օրերուն, ապա մենք բարոյապէս մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ե՛ւ Սուրիոյ ժողովուրդին, ե՛ւ անոր կառավարութեան ու պետութեան. եւ որպէս երախտիքի մարմնացում, մենք Երեւանի ամենաշքեղ վայրերէն մէկուն մէջ յուշակոթող կառուցեցինք ու զայնանուանեցինք՝ «Երախտագիտութեան յուշակոթող. հայ ժողովուրդէն՝ արաբ ժողովուրդին»:
Խօսակիցիսիս նաեւ բացատրեցի, որ մենք միջամուխ չենք եղած, ոչ ալ կ'ըլլանք մեզ ապաստան տուած երկրի ներքին հարցերուն,բացի այն պարագաներէն, երբ հարցը ունի դրական, համերաշխ եւ կառուցողական անդրադարձ (այս հանգամանքով ծանօթ եղած ենք միշտ):
Կը փափաքէի կարդացած ըլլայիք այս մասին «Ալ-հայաթ»ի մէջ հրապարակած իմ մէկ յօդուածս, «Խորին շնորհակալութիւն արաբներուն» խորագրով, որ կը պարզէ մեր եղբայր արաբներու հանդէպ հայերու ունեցած սէրը, այդ ժամանակ պիտի համոզուէիք մեր խօսքերուն եւ ձեր հանդէպ զգացումներու անկեղծութեան:
Պիտի փափաքէի նաեւ, որ տեսած «Ի սէր Աստծոյ Հալէպեան ոճով՝ լուծեցէ՛ք ալ..» խորագրով յօդուածս, որու հիմնական գաղափարը այն է, թէ «բոլոր պարագաներուն, կողմի մը յաղթանակը, վաղ թէ ուշ, պիտի յանգեցնէ այն իրականութեան, որ այդ յաղթանակի բերած բոլոր օգուտները պիտի չհամապատասխանեն եղած վնասներուն, որու գինը վճարողը եղան հոգիներ, մշակոյթ եւ մատղաշ սերունդներու երազներ. պարզ այն բանին համար, որ այդ յաղթանակը իր եղբօր դէմ էր եւ ոչ թէ թշնամիին»: :
Ինչպէս նաեւ կ'արդային իմ միւս՝ «Հալէպ՝ սիրելիս» յօդուածս եւ այլ գրութիւններս, որոնք նուիրուած են իր արաբ երկրիս, քաղաքիս, դրացիներուս, ընկերներուս եւ սիրելիներուս:
Ոչ ոք մեզ թող չ'այպանէ, ոչ ալ զրպարտէ՝ շինծու եւ անարդար մեղադրանքով: Մենք անսխալական չենք, եւ իտէալական ըլլալ չենք յաւակնիր: Մենք ձեզ նմանենք, մենք ալ կրնանք սխալիլ, կամ ճիշդը ընել, ունինք մեր անձնական պարագաները: Եւ մենք մեր արաբ եղբայրներէն կ'ակնկալենք, որ չմոռնան մեր բարեկամութիւնը եւ մեր կիսած աղն ու հացը, այս պարագային նկատի ունիմ ի մասնաւորի հակամէտ եւ անհեթեթ «թուիթրեան» գրառումներն ու յօդուածները, որոնք կը կարդանք ընկերային ցանցերու վրայ եւ որոնց քանակը երթալով կ'աճի՝ կենսական պայմաններու վատթարացման զուգահեռ:
«Օրիէնթ» կայանի տնօրէն՝ Ղասսան Ապպուտ, ընկերային ցանցերու վրայ «Գաղթեր՝ դէպի Սուրիա» խորագրով նիւթ մըգրած է, ուր կ'ըսէ, թէ «Երբ հայ եւ չերքէզ գաղթականները Սուրիա հասան, արաբ սիւննի ժողովուրդը պահպանեց, պատսպարեցեւ տուն- տեղ տրամադրեց անոնց: Սակայն այդ եկուոր գաղթականները հաւատարիմ չգտնուեցանզիրենք պատսպարող երկրին ու ժողովուրդին հանդէպ...», սակայն այնտեղ հայերուն ուղղուած հիմնական մեղադրանքը այն էր, որ «անոնք, իրենց մտային կարողութիւններով, ինքզինքնին գերադաս կը համարեն տեղացի բնիկ ժողովուրդէն,եւ երբ յեղափոխութիւնը սկիզբ առաւ, անոնք զէնք բարձրացուցին իրենց դրացիներուն դէմ եւ քրիստոնէական զինեալ խմբաւորումներ կազմեցին եւ ճնշեցին ցուցարարներուն:
Որպէս սուրիացի մարդ յարգելով պրն. Ղասսան Ապպուտը՝ եւ պատասխանելու ազատութեան իաւունքէս ելլելով եւ կարգ մը թիւրըմբռնումեր ճշդելու միտումով, կ'ուզեմ մեկնաբանութիւն մը ընել հայերու հանդէպ իր արձակած մեղադրանքներուն:
Նախ եւ առաջ, հայերու մտային յառաջդիմութեան մասին ակնարկին, կ'ուզեմ յիշեցնել, որ հայը իր մայր հայրենիք՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, վարպետ առեւտրական, հմուտ արհեստաւոր էր, զանազան արհեստներու եւ արուեստներու մէջ, որոնք գոյութիւն չունէին թուրք օսմանացիներու կողմէ բռնագրաւուած եւ ճնշուած Սուրիոյ մէջ: Ինչպէս նաեւ պարոն Ապպուտ, կը թերագնահատէ հայերուն դերը՝ Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպի մէջ, ըսելով, որ անոնք սովորական մեքենագործներ եւ կօշկակարներ են: Այստեղ, դժբախտաբար ակնյայտ է, , որ ան դիտաւորեալ կերպով կ'անտեսէ աչքի հիւանդութիւններ բուժող առաջատար ակնաբուժ Ռոպէր Ճէպէճեանի ձեռքբերումները,որ 42 հազար հիւանդ բժշկած էր, Հալէպի երեխաներուն գեղեցիկ դէմքերը արատաւորող հալէպի վէրքի պատուաստը յայտնաբերած. Ինքն էր, որ այդ ժամանակին տարածուած եւ համաճարակ նկատուող «թրախոմա» հիւանդութեան ազդեցութիւնը նուազեցուց Հալէպի եւ շրջակայքի մէջ. ինչպէս նաեւ Ճէպէճեան առաջինն էր, որ Հալէպի մէջ կոյրերու յատուկ դպրոց հիմնեց «Ապու Ալ-Ալլա Ալ-Մահարի»իանունով, 1955-ին: Դեռ չհաշուած տասնեակ նման անձնաւորութիւններու ներդրումները, ինչպէս՝ Եագուպեաններու ճանապարհաշինութեան եւ ընդեղէններու ընկերութիւնը, Ալթունեան հիւանդանոցը, ոսկերիչները, կաշեգործները, հայերու արդիականացուած գիւղատնտեսութիւնն ու հողագործութիւնը (Նազարեան ընտանիքը)՝ Սուրիոյ հիւսիս արեւելքը գտնուող Ճէզիրէյի, Մասքանէի, Ռաս ուլ-Այնի եւ Գամիշլիի շրջաններուն մէջ:
Տակաւին, պարոն Ապպուտ թերեւս տեղեակ չէ, որ Սուրիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 11 խաղացողներէն հինգը հայեր եղած են, եւ որ հայ խաղացողներէն Համազասպը, իր ժամանակի Մարատօնան էր՝ նախորդ դարու 40-ականներուն, ինչպէս նաեւ հայկական Եառմուք (ՀՄԸՄ) ակումբըերկար տարիներ Սուրիոյ ախոյեանն էր:
Հայերը նաեւ մաս կազմած են երկրի տնտեսութեան ոլորտի նուաճումներու ու յատկապէս արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ: Անոնք, առաջիններն էին, որ մեքենայացուած գործիքներ շինեցին, ինչպէս՝ կաղապարաշինութեան հաստոցներ, տաշոցներ, մանելու եւ հիւսելու, մետաղագործութեան եւ գիւղատնտեսութեանարտադրողական սարքեր, որոնք այդ դժուարին օրերուն, սուրիական պետութեան պիւտճէի պիլիոնաւոր տոլարները խնայեցին : Տեղին է նշել նաեւ, որ հայերը իրենց ներկայութիւնը ունեցանընդհանրապէս սուրիական արաբ ընկերային ոլորտին մէջ, եւ մասնաւորաբար՝ արուեստի, երաժշտութեան, թատրոնի, մարզաշխարհի , գրականութեան, բժշկութեան եւ այլ ոլորտներուն մէջ:
Հայերը իրենց նկարագրին մէջ ունին յիշատակման արժանի ընդհանուր յատկանիշեր, ինչպէս՝ աշխատանքիեւ անոր մէջ հմտանալու հանդէպ սէրը, արդիականացման բնածին ձգտումը, որ բնազդով ծնունդ առած յատկութիւն մը չէ, այլ ջանասիրութեամբ ձեռքբերուած անհրաժեշտութիւն մը:
Այս բոլորին յաւելեմ պատմութեան ընթացքին գիտակցուած այն փաստը, որ որեւէ երկրի մէջ ապրող փոքրամասնութիւն, կը ճանչցուի եւ կը յատկանշուի կարգ մը մասնագիտական հմտութիւններով, որոնք կ'ապահովենշրջապատի մէջ իր եզակիութիւնը եւ անորանդամներու միութիւնն ու գոյատեւումը:
Ինչ կը վերաբերի հայերը զէնք բարձրացուցած ըլլալու խօսքին, այստեղերկակի իմաստկայ: Եթէ ակնարկութիւնը իբր կամաւոր կամ զինծառայող սիոնիստական թշնամիին դէմ զէնք բարձրացնելուեւ Սուրիոյ մղած բոլոր պատերազմներուն մասնակցելուն մասին է, ապա անիկա ճիշդ է: Սակայն, եթէ խօսքը իրենց դրացիներուն դէմ զէնք բարձրացնելուն կը վերաբերի,այդ մէկը կեղծ մեղադրանք եւ ամօթալի ու անարդար զրպարտութիւն է, որովհետեւ, ներկայ պայմաններուն մէջ, որեւէ հայու ձեռք գտնուող զէնք, կը ծառայէ միայն ինքնապաշտպանութեանեւ նիւթական, հոգեւոր ու դաւանանքային ժառանգուած հարստութիւններու պաշտպանութեան, եւ այս մէկը օրինական իրաւունք է, որուն համար ճիշդ չէ մեղադրուիլը:
Կիրակոս Գույումճեան
*Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է Լոնտոն հրապարակուող «Ալ հայաթ» պարբերականնին մէջ:
Հայերէնի թարգմանութիւնը՝ «Արեւելք»ի www.arevelk.am