Այսօր, երեքշաբթի 3 յունիսին, «Տահէշ»ի դէմ պայքարող Սուրիոյ ժողովրդավարական քրտական ուժերը պիտի յայտարարեն Ռաքքայի վրայ վերջնական յարձակման ժամկէտը մասին, որու նպատակն է ահաբեկչական կազմակերպութիւնը վերջնականապէս հեռացնել Սուրիոյ մէջ իր գլխաւոր յենակէտէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթրզ» գործակալութիւնը, նշելով, որ քրտական ուժերու լրատուական կեդրոնի նախագահ Իպրահիմ Իպրահիմ ըսած է, որ Քրտական ուժերը Ռաքքայի վրայ յարձակումը պիտի սկսին՝ անոր յարակից քանը մը գիւղերու ազատագրումէն անմիջապէս վերջ:
Յիշեցնենք, որ Միջազգային Դաշինքը յայտնած էր, որ երբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը մօտենան Ռաքքային «Տահէշ»ի կողմէ ականուած ինքնաշարժներով յարձակումներու թիրախ պիտի դառնան, եւ այդ ատեն ամերիկեան կողմը պիտի սկսի անոնց զրահապատ մեքենաներուն դէմ օգտագործելի զէնքեր մատակարարել: